Երեքշաբթի 18, Փետրուար 2025
ԱՆԿԵԼԱ ՄԵՐՔԷԼ՝ ՄԻՇՏ ԴԷՄ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ կրկնեց իր դիրքորոշումը այն մասին, թէ դէմ է Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան։ Վարչապետը այս մասին յայտնեց գերմանական ARD հեռատեսիլի կայանին մէջ սփռուած հաղորդման մը միջոցին, պատասխանելով Աննէ Վիլի հարցումին։ «Ես միշտ դէմ եղած եմ Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան լիիրաւ անդամ դառնալուն եւ կը շարունակեմ այդպէս մտածել», ըսաւ Գերմանիոյ վարչապետը։ Միեւնոյն ժամանակ ան ընդգծեց, թէ անհրաժեշտ է սակայն պահպանել Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւնը՝ գաղթականներու յարուցած ճգնաժամը կարգաւորելու նպատակով։ «Բնական է, որ մենք ունինք իրարու կարիքը», ըսաւ Վարչա-պետ Անկելա Մերքէլ։
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2015