ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՀԱՄԱՐ՝ ՆՈՐ ԱՌԻԹՆԵՐՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Ստե­փա­նա­կեր­տի «Թու­մօ» գի­տա­կան կեդ­րո­նին մէջ կա­յա­ցաւ ու­սում­նա­կան ա­ռա­ջին օ­րը։ Ու­սա­նող­նե­րու ա­ռա­ջին խում­բե­րը ծա­նօ­թա­ցան կեդ­րո­նի հա­մա­կարգ­չա­յին ու­սում­նա­կան հար­թա­կին եւ կա­տա­րե­ցին վար­ժանք­ներ։

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ բա­ցուած Ստե­փա­նա­կեր­տի «Թու­մօ»ն ու­նի ա­ւե­լի քան 600 ա­շա­կերտ­ներ, ա­նոնց մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը նախ­նա­կան հե­տաքրք­րու­թիւն յայտ­նած է ռո­պո­թա­շի­նու­թեան, ծրագ­րա­ւոր­ման, խա­ղե­րու ստեղծ­ման ո­լորտ­նե­րը ու­սում­նա­սի­րե­լու հան­դէպ։

Ան­կաս­կած Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մայ­րա­քա­ղա­քին հա­մար եւ ղա­րա­բաղ­ցի տղոց հա­մար կա­րե­ւոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն մըն է նման կեդ­րո­նի մը ստեղ­ծուի­լը, որ ա­ռիթ կու տայ կա­տա­րե­լու լուրջ աշ­խա­տանք­ներ՝ զար­գաց­նե­լու նաեւ պա­տա­նի­նե­րուն մտա­հո­րի­զո­նը։

«Թումօ» արտադպրոցական ուսումնական նոր միջավայր մըն է, ուր տասներկու-տասնութ տարեկան հազարաւոր պատանիներ կ՚ուսանին սեփական յանձնառութեամբ։ Իրենց առաջնորդ կը հանդիսանան հմուտ մանկավարժներ ու մետիայի մասնագէտներ, որոնց մականին  ներքեւ ուսանողները կ՚իրականացնեն իրենց անհատա-կան ուսումնական ծրագիրը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2015