ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ
Տարրաբանութեան ոլորտէ ներս Նոպէլեան մրցանակը այս տարի յանձնուեցաւ անուանի գիտնական Փրոֆ. Տքթ. Ազիզ Սանճարին։ Թուրքիոյ տեսակէտէ ուրախութեան մեծ առիթ մըն է մարտինցի գիտնականին շնորհուած այս պարգեւը։
ՏՆԱ-ի վերարտադրման ու նորոգման շուրջ Փրոֆ. Տքթ. Ազիզ Սանճար կատարած է դարադարձիկ գիւտեր՝ որոնք յոյս կը ներշնչեն քաղցկեղի դէմ պայքարի գծով։
Ազիզ Սանճար 1946-ին ծնած է Մարտինի Սավուր գաւառակին մէջ, որպէս եօթներորդ զաւակը իր ընտանիքին։ «Մայրս եւ հայրս գրել, կարդալ չէին գիտեր, սակայն գիտէին կրթութեան կարեւորութիւնը եւ ըրին ամէն ինչ, որպէսզի իրենց զաւակները կըր-թութիւն ստանան», ըսաւ ան։ 1963-ին ան կ՚ընդունուի Իսթանպուլի համալսարանի Բժշկական ֆաքիւլթէն, զոր կ՚աւարտէ 1971-ին։ Համալսարանը աւարտելէ ետք Սանճար իր ուսուցչին խորհուրդով երկու տարի որպէս բժիշկ աշխատեցաւ իր ծննդավայր Սավուրի մօտ տեղ մը։
1997 թուականէն ի վեր Հիւսիսային Քարոլայնայի համալսարանի Կենսատարրաբանութեան եւ կենսաֆիզիքի բաժնին մէջ ան կը պաշտօնավարէ որպէս Սարա Կրահամ Քենան կրթաթոշակի դասախօս։ Հեղինակ է 415 գիտական յօդուածներու, որոնք դարձած են բազմաթիւ այլ յօդուածներու սկզբնաղբիւր։ Ցարդ ան արժանացած է միջազգային ու ազգային բազմաթիւ մրցանակներու։ Անդամ է Ամերիայի Միացեալ Նահանգներու Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ։
Փրոֆ. Ազիզ Սանճար ամուսնացած է կենսատարրաբանութեան դասախօս Կուէն Պոնէս Սանճարի հետ։ Ազիզ Սանճար զարմիկն է նաեւ մարդկային իրաւանց յայտնի պաշտպան, իրաւագէտ, ՀՏՓ-ի Մարտինի երեսփոխան Միթհատ Սանճարի։ Յայտնի դարձաւ, որ Փրոֆ. Ազիզ Սանճարի ընտանեկան պարագաները կը բնակին Սավուրի մէջ։
Ինչպէս պիտի յիշուի, 2006 թուականին եւս Թուրքիայէ անուն մը արժանացած էր Նոպէլեան մրցանակին։ Վիպագիր Օրհան Փամուք նուաճած էր Նոպէլեան գրական մրցանակը։