ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Քուէյթի նորանշանակ դեսպան Նաուաֆ Ապտիւլազիզ Ապտուլլահ Էլ Էնէզը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեան կարեւորեց միջպետական երկխօսութեան շարունակական զարգացումը, որու համար գոյութիւն ունին բոլոր նախադրեալները։ Սարգսեան ներկայացուց նաեւ իր պատկերացումները՝ փոխադարձ շահաւէտ քանի մը ոլորտներէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի տեւողութեան Սերժ Սարգսեան ջերմութեամբ վերյիշեց 2009 թուականին Քուէյթ կատարած իր այցելութիւնը եւ բարձր մակարդակի բանակցութիւններուն ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, որոնց արդիւնքով երկու երկիրներէն ներս փոխադարձ հաստատուեցան դեսպանութիւններ եւ աշխուժացան շփումները։ Սարգսեանի խօսքերով, Երեւան միշտ շահագրգռուած է բարեկամ Քուէյթի հետ առաւել ամրապնդելու եւ խորացնելու յարաբերութիւնները։
Իր կարգին դեսպանն ալ վստահեցուց, թէ պաշտօնի կոչուած է երկու երկիրներու միջեւ բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու, ստորագրուած փաստաթուղթերը կեանքի կոչելու պատրաստակամութեամբ։