ՔՈԼՈՄՊԻԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՆԹՈՍ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ՆՈՊԷԼԵԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻՆ

Նո­պէ­լեան խա­ղա­ղու­թեան մրցա­նա­կը այս տա­րի շնոր­հուե­ցաւ Քո­լոմ­պիա­յի Նա­խա­գահ Խուան Մա­նուէլ Սան­թո­սին։ Այս վեր­ջի­նը FARC կազ­մա­կեր­պու­թեան հետ յի­սու­ներ­կու տա­րի շա­րու­նա­կուած պա­տե­րազ­մին վերջ դնե­լով՝ ստո­րագ­րած է խա­ղա­ղու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր, ինչ որ բարձր գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցած է ու ա­ռիթ հան­դի­սա­ցած՝ որ­պէս­զի ան ար­ժա­նա­նայ այս մրցա­նա­կին։

Նա­խա­գահ Սան­թոս տե­ղե­կա­նա­լով իր պար­գե­ւատր­ման՝ յայտ­նեց, որ ցնցուած է ու ե­րախ­տա­պարտ։

Օս­լո­յի մէջ Նո­պէ­լեան կա­ճա­ռի տնօ­րէն եւ Նոր­վե­կիոյ Նո­պէ­լեան կո­մի­տէի քար­տու­ղար Օ­լաֆ Նիոլս­թատ լրագ­րող­նե­րուն յայտ­նեց, թէ նա­խըն­թաց օր հե­ռա­ձայ­նով խօ­սած է Խուան Մա­նուէլ Սան­թո­սի հետ, իս­կոյն ընդգ­ծած է Քո­լոմ­պիա­յի մէջ խա­ղաղ գոր­ծըն­թա­ցը շա­րու­նա­կե­լու յոյժ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2016