ԱՆԱՆՑ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆ

Ներկայ տարուան ընթացքին Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ ամբողջ աշխարհի մէջ կազմակերպուած յոբելենական ձեռնարկներու շղթային վրայ երէկ երեկոյեան նոր օղակ մը աւելցաւ՝ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած անմոռանալի համերգով։ Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս համերգը, որ կազմակերպուած էր «Անատոլու քիւլթիւր»ի, «Քալան»ի եւ «Կորքի»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Հովանաւորներն էին Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը եւ «Ալիանց» ընկերութիւնը։ Կարգադիր յանձնախումբին մաս կը կազմէին Աննա Թուրայ, Ասենա Կիւնալ, Չիմէն Եալչըն, Հասան Սալթըք, Գրիգոր Սահակօղլու եւ Թամար Նալճը։ Այս յանձնախումբը իր կազմին մէջ կը համարէր նաեւ Օսման Քաւալան, որ տակաւին բանտարկուելէ առաջ այս համերգի տեսլականը յղացած էր։

Երէկուան համերգի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ Թիլպէ Սարանի հանդիսավարութեամբ։ Ներկայացուեցաւ նաեւ կարճաժամկէտ ժապաւէն մը, որու հեղինակն էր Իւմիթ Քըվանչ։ Մուտքասրահին մէջ բացուած էր նաեւ ցուցահանդէս մը՝ «Պիրզամանլար» հրատարակչութեան հիմնադիր Օսման Քէօքէրի կողմէ։

Երեկոյթը սկսաւ Լուսաւորիչ երգչախումբի մանկապատանեկան կազմի կատարումներով՝ խմբավարութեամբ Հրանդ Չիզմեճեանի։ Նուագակցեցաւ Սեւանայ Չաքերեան։ Յաջորդեցին Փերվին Չաքան եւ Էրթան Թեքին, որոնց դաշնամուրով նուագակցեցաւ Իքլիմ Թամքան։ Ամերիկահայ յայտնի ուտահար Արա Տինքճեան եւ կիթառահար Արի Հերկել ունկնդիրներուն ներկայացան Քառաձայն քառեակին հետ։ Նոյն քառեակը աւելի վերջ Կոմիտասի գործերէն մին մեկնաբանեց առանձին։ Ապա դարձեալ Արա Տինքճեան եւ Էրթան Թեքին ներկայացուցին Կոմիտասի գործերէն փունջ մը, մինչ յայտագրի առաջին բաժինը աւարտին հասաւ «Ոմանք»ով։

Յայտագրի երկրորդ մասը սկսաւ Գէորգ Դաւիթեանով եւ Լեւոն Էրոյեանով։ Աւելի վերջ հանդէս եկան Այնուր Տողան եւ Արա Տինքճեան եւ այս փուլը երեկոյթի ամենէն ազդուներէն մին էր։ Յաջորդեց Միացեալ Նահանգներէն ժամանած «Զուլալ» երրեակը, որ ունկնդիրներուն վրայ խոր տպաւորութիւն գործեց Կոմիտասի գործերու մեկնաբանութեամբ։ Համերգի եզրափակիչ փուլին ունկնդիրներուն գագաթնային պահեր պարգեւեց «Գողթ» խումբը, որ եկած էր Հայաստանէն։

Յայտագիրը իր ամբողջին մէջ շատ լաւ ցոլացուց Կոմիտասի անանց մեծութիւն մը ըլլալը։ Արդարեւ, զանազան երկիրներէ եւ զանազան ոճերէ երաժիշտներ անոր գործերը մեկնաբանեցին եւ այսպէսով ի յայտ եկաւ, որ Կոմիտասի ժառանգութիւնը որքան անգնահատելի է ու որքան համամարդկային։

Երեկոյթի մասնակիցներու շարքին էին բարձրաստիճան հոգեւորականներ, դիւանագէտներ, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, հասարակական գործիչներ, մեր համայնքէն դէմքեր եւ հոծ թիւով երաժշտասէրներ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2019