ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՊԱՇՏՕՆ
Դէպի Զուիցերիա աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ժընեւի մէջ այցելեց ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանը։ Այսպէս, ան մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի Առեւտուրի եւ զարգացման համաժողովի՝ Նշանաւոր անձերու խումբերու քննարկման (UNCTAD Panel of Eminent Persons)։ Երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին Արմէն Սարգսեան ընտրուեցաւ ՄԱԿ-ի Առեւտուրի եւ զարգացման համաժողովի՝ Նշանաւոր անձերու խումբի նախագահ։ Այս խումբը խորհրդատուութիւն կը տրամադրէ յառաջիկայ տասն տարիներուն առեւտուրի եւ զարգացումներու տեսլականի, առանցքային ու հրատապ տնտեսական զարգացման մարտահրաւէրներու վերաբերեալ, կ՚առաջարկէ անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ գաղափարներ եւ լուծումներ։ Նշանաւոր անձերու խումբի մասնակիցները կը հրաւիրուին անձամբ UNCTAD-ի ընդհանուր քարտուղարին կողմէ։ Անոնք ընդհանրապէս կ՚ըլլան պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներ, հեղինակաւոր տնտեսագէտներ կամ մասնագէտներ։ Խումբի հանդիպումները կը կազմակերպուին փակ ձեւաչափով՝ «Չեթըմ հաուզ»ի կանոններով։
Արմէն Սարգսեանի մասնակցութեամբ երէկ տեղի ունեցած նիստը վարեց UNCTAD-ի ընդհանուր քարտուղար Մուքիսա Քիթուի։ Նիստին նիւթն էր՝ «Հիմնական մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ»։