ՎԱՐՁԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԸ ՄԻՇՏ ԶԳԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բռնկած պատերազմի պայմաններուն ներքեւ, Ատրպէյճանի բանակի շարքերէն ներս Սուրիայէն, Լիպիայէն եւ այլ երկիրներէ օտար վարձկաններու ներգրաւման հարցը միշտ զգայնութեան առարկայ կը դառնայ։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ այս օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան թէժ գօտիէն ներս Սուրիայէն զինեալներու գտնուիլը մեծ վտանգ կը ներկայացնէ եւ խոր մտահոգութիւն կը պատճառէ Ռուսաստանին։ Փեսքով նշեց, որ որեւէ տեղեկութիւն չունի Մոսկուայի կողմէ զինեալներուն հակազդելու համար հաւանական միջոցառումներու մասին։ Ռուսաստանի արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքինն ալ օր մը առաջ անդրադարձած էր այս հարցին։ Ան յայտնած էր, որ իրենք տեղեկութիւն ունին ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիէն ներս Մերձաւոր Արեւելքի ահաբեկչական խմբաւորումներէ վարձկաններու ներգրաւման մասին։

Մոսկուայի առընթեր Թեհրանն ալ խորապէս անհանգիստ է ստեղծուած կացութենէն։ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ ելոյթ մը ունեցաւ իր երկրի Նախարարաց խորհուրդի ժողովին ժամանակ եւ ըսաւ. «Անթոյլատրելի է, որ որոշ մարդիկ զանազան պատրուակներով Սուրիայէն եւ այլ վայրերէ ահաբեկիչներ բերեն Իրանի սահմաններուն մօտ»։ Ըստ Ռուհանիի, անհրաժեշտ է բոլոր ջանքերը գործադրել, որպէսզի Արցախի հակամարտութիւնը չվերածուի տարածքաշրջանային պատերազմի մը եւ երրորդ կողմերը զգուշացուց, որպէսզի ռազմական գործողութիւններ չհրահրեն։ Ռուհանի կոչ ուղղեց մարտական գործողութիւններու դադրեցման համար։ «Խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ մեր ջանքերու հիմքը եւ մենք յոյս ունինք տարածքաշրջանէ ներս կայունութիւնը վերականգնել խաղաղ ճանապարհով», ըսաւ Ռուհանի։

«Jerusalem Post» թերթն ալ գրեց, որ Իրան եւ Սուրիա մտահոգուած են Ատրպէյճան-Արցախ պատերազմի տարածքաշրջանային հակամարտութեան վերածուելու հաւանականութենէն։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ յայտնեց, որ կը շարունակուի ահաբեկիչներու ներգրաւումը Ատրպէյճանի բանակին։ Ըստ վերջին լուրերուն, ներկայիս կը փորձուի Աֆղանիստանէն վարձականներ տեղափոխել Ատրպէյճան։

«Irish Times»  թերթն ալ գրեց, որ տարածքաշրջանէ ներս բախում մը կը հասուննայ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2020