ՊԱՔՈՒ ԴԱՐՁԵԱԼ ՄԵՐԺԱԾ Է ԵՐԵՒԱՆԻ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿԸ

Թուրքիա-Հայաստան-Ատրպէյճան առանցքին տեսակէտէ նախընթաց օր Փրակի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները կը շարունակեն յատկանշական մնալ ու պայմանաւորել այժմու օրակարգը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Նիկոլ Փաշինեանի, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի մասնակցութեամբ Փրակի մէջ կազմակերպուած քառակողմանի ձեւաչափով բանակցութիւններն ալ ուշադրութեան առարկայ մնալ կը շարունակեն։ Փրակի իրադարձութիւններէն վերջ մէկ կողմէ արձագանգները, միւս կողմէ ալ դիւանագիտական հարթութեան վրայ շահագրգիռ դերակատարներու միջեւ շփումները կը շարունակուին։ Երէկ, նախագահ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Փրակի մէջ Փաշինեանի հետ տեղի ունեցած հանդիպումէն անմիջապէս վերջ Էրտողան խօսեցաւ Փութինի հետ։ Այս խօսակցութեան օրն ալ հետաքրքրական էր, որովհետեւ, Փրակի կարեւոր իրադարձութիւններէն անմիջապէս վերջ՝ երէկ Վլատիմիր Փութին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ հիւրընկալեց Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) անպաշտօն գագաթաժողովը։ Այս շրջանակին մէջ Փրակէն Սեն Փեթերսպուրկ փութալով ԱՊՀ-ի անպաշտօն գագաթաժողովին մասնակցեցան նաեւ թէ՛ Նիկոլ Փաշինեան եւ թէ՛ Իլհամ Ալիեւ։ Էրտողան-Փութին հեռախօսազրոյցին կամ Սեն Փեթերսպուրկի անպաշտօն գագաթաժողովին վերաբերեալ կատարուած պաշտօնական հրապարակումներուն մէջ տուեալ հրատապ նիւթերուն ուղղակի ակնարկութիւն կամ անդրադարձ չէ կատարուած։ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Սեն Փեթերսպուրկի անպաշտօն գագաթաժողովէն յետոյ Փութին ունեցած է նաեւ քանի մը առանձնազրոյցներ։ Անոնք ունեցած են ոտքի վրայ խօսակցութիւններու բնոյթ։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով չէ յստակացուցած, թէ այդ ոտքի վրայ զրոյցները Փութին ո՛ր ղեկավարներուն հետ ունեցած է։ Միայն թէ, Սեն Փեթերսպուրկի անպաշտօն գագաթաժողովին ժամանակ Փութին յայտնած է, որ անհրաժեշտ է միջոցներ մշակել՝ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներուն միջեւ առկայ հակամարտութիւնները լուծելու համար։

Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսելի քառակողմանի բանակցութիւններուն կապակցութեամբ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը։ Ըստ իրեն, Փրակի մէջ Երեւան վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ուղղութեամբ, սակայն, Պաքու դարձեալ մերժած է։

Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեանն ալ յայտարարեց, որ Պաքու հակուած չէ Երեւանի հետ քննարկել՝ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։ Փրակի քառակողմանի բանակցութիւններուն ժամանակ գոյացած համաձայնութեան եւ կատարուած համապատասխան յայտարարութեան լոյսին տակ՝ բանբեր Յունանեան յայտնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի երկայնքով Եւրոմիութեան քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայման մանրամասնութիւնները տակաւին քննարկման փուլի մէջ կը գտնուին։

Հարաւային Կովկասի դերակատարներէն Թիֆլիզի ղեկավարութիւնն ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն։ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Իլիա Տարչիաշվիլի երէկ հերթական անգամ կոչ ուղղեց հարեւան Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին։ Տարչիաշվիլի կրկնեց վրացական կողմի պատրաստակամութիւնը՝ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին հարթակ տրամադրելու համար։ Ան ըսաւ, թէ Թիֆլիզ կրնայ հանգիստ եւ խաղաղ երկխօսութեան միջավայր ապահովել իր երկու հարեւաններուն համար։

Իր կարգին, ԵԱՀԿ-ի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Մայքըլ Քարփենթըրն ալ երէկ հերթական անգամ կոչ ուղղեց, որպէսզի Ատրպէյճան իր զօրքերը ետ քաշէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն եւ մասնաւորաբար տանի այն ելման դիրքերը, ուր այդ զօրքերը կը զբաղեցնէին սահմանի վերջին բախումներէն առաջ։

ՄԱԿ-ի այժմու՝ նորասկիզբ 77-րդ ընդհանուր ժողովի նստաշրջանի ծիրէն ներս ալ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ առաջին կոմիտէի ընդհանուր քննարկումը։ Այս փուլին ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Մհեր Մարգարեանն ալ անդրադարձաւ սահմանի վրայ ծագած վերջին արիւնալի բախումներուն։ Ան համաշխարհային կազմակերպութեան ժողովին ժամանակ օրակարգի վրայ բերաւ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ կատարուած վայրագութիւնները։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2022