ԲԱՐԻ ԿԱՄՔԻ ԴԵՍՊԱՆ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան հանդէս կու գայ նաեւ ընկերային յանձնառութիւններով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան ԻՒՆԻՍԷՖ-ի բարի կամքի ազգային դեսպան նշանակուեցաւ Հայաստանի մէջ։ Վաղը Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան թեքնիկ կեդրոնին՝ Ֆութպոլի ակադեմիոյ դահլիճին մէջ նախատեսուած է հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որու ընթացքին Հենրիխ Մխիթարեանին պիտի շնորհուի այդ կոչումը։
Աւելի քան կէս դարէ ի վեր ԻՒՆԻՍԷՖ-ի բարի կամքի դեսպանները աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ կը նպաստեն երախաներու եւ կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ անոնց կեանքի բարելաւման։