ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ԱՀԱԶԱՆԳ

Ի­տա­լիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Փաո­լօ Ճեն­թի­լիո­նի այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Ե­րե­ւան։ Ի­տա­լա­ցի նա­խա­րա­րը ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը կ՚ի­րա­կանց­նէ դէ­պի Հա­րա­ւա­յին Կով­կաս եւ այս շրջագ­ծով Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ նաեւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ճեն­թի­լիո­նի կ՚ըն­դու­նուի նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սա­նի եւ Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի կող­մէ։

Ի­տա­լա­ցի պաշ­տօ­նա­կի­ցը հիւ­րըն­կա­լե­լու ըն­դա­ռաջ Նալ­պան­տեան վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Պեր­լին, ուր վա­րած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­թեր ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ «Ֆրիտ­րիխ-Է­պերթ» հիմ­նար­կին կող­մէ։ Խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րու, քա­ղա­քա­գէտ­նե­րու եւ վեր­լու­ծա­բան­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ ան խօ­սե­ցաւ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ։ Նալ­պան­տեան ա­հա­զանգ հնչե­ցուց Ատր­պէյ­ճա­նի ի­րե­րա­յա­ջորդ սադ­րանք­նե­րուն դէմ։ Նա­խա­րա­րը կանգ ա­ռաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու այն ջան­քե­րուն վրայ, ո­րոնք ուղ­ղուած են հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռաջ մղե­լու։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2016