ՍԻՊԻԼ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Մե­ներգ­չու­հի Սի­պի­լի Պէյ­րու­թի մէջ տուած հա­մեր­գին դրա­կան ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ծա­նօթ է, որ Սի­պիլ «Հա­մազ­գա­յին»ի Լի­բա­նա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ հան­դէս ե­կաւ հա­մեր­գով մը, որ պսա­կուե­ցաւ փայ­լուն յա­ջո­ղու­թեամբ։ Օգ­տուե­լով իր կե­ցու­թեան ա­ռի­թէն Սի­պիլ այ­ցե­լեց նաեւ Ան­թի­լիաս, ուր ստա­ցաւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թիւ­նը։ Հան­դիպ­ման ներ­կայ էին նաեւ «Հա­մազ­գա­յին»ի վար­չու­թե­նէն պա­տաս­խա­նա­տու­ներ։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2016