ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ԿԱՏԱՐՈՒՄՆԵՐ

Երէկ երեկոյեան, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական համերգ մը, որ Հայաստանի երաժշտական կեանքին տեսակէտէ իսկապէս կարեւոր իրադարձութիւն մըն էր։ Երեւանի Օփերայի «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահի երդիքին տակ հանդէս եկաւ աշխարհահռչակ թաւջութակահար Ալեքսանտր Ռամ։ Այս վերջինը երաժշտասէր հասարակութեան ներկայացաւ՝ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբին հետ։ Իսկապէս բարձր մակարդակով երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որ արժանացաւ երաժշտասէր հասարակութեան անմիջական հետաքրքրութեան։ Գեղարուեստասէրները որոտընդոստ ծափահարութիւններով ողջունեցին թաւջութակահար Ալեքսանտր Ռամը եւ Հայաստանի Պետական Սիմֆոնիք նուագախումբը։

Համերգը կազմակերպուեցաւ «Արամ Խաչատուրեան» վեցերորդ միջազգային երաժշտական փառատօնի ծիրին մէջ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2018