ԱՍՏԱՆԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ղազախիստանի մայրաքաղաքը՝ Աստանա։ Նիկոլ Փաշինեան Աստանայի մէջ կը մասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթաժողովին։ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի ժողովները կը տեւեն երկու օր։

ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովի օրակարգին վրայ կը գտնուին Հայաստանի տեսակէտէ կարեւոր հարցեր։ Արդարեւ, ինչպէս ծանօթ է, ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը մինչեւ վերջերս կը վարէր Հայաստանի ներկայացուցիչը՝ Եուրի Խաչատուրով։ Այս վերջինը Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքէն ներս յառաջացած գայթակղութիւններու բերումով վերջերս եղաւ պաշտօնանկ։ Այժմ, Աստանայի երկօրեայ ժողովներուն ընթացքին պիտի որոշուի, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ ՀԱՊԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղարը։ Հայկական կողմի համոզմամբ, պէտք է իր մէկ այլ ներկայացուցիչով շարունակուի աշխատանքը։ Յամենայնդէպս, Մոսկուայէն հասած լուրերուն համաձայն, օրակարգի վրայ կը գտնուին նաեւ այլ վարկածներ։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդական Եուրի Ուշաքով Աստանայի գագաթաժողովի նախօրեակին տեղեկացուց, որ նոր ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան հարցին շուրջ երեք տարբերակներ կը գտնուին օրակարգի վրայ։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Եուրի Ուշաքով տեղեկացուց, որ Աստանայի այս օրուան գագաթաժողովի սկիզբին մասնակից ղեկավարները նախ անմիջական խորհրդակցութիւն մը կ՚ունենան նեղ ձեւաչափի մէջ եւ աւելի վերջ կը սկսին ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները։ Գագաթաժողովի սկիզբի այդ նեղ ձեւաչափով խօսակցութիւններու ընթացքին է, որ պիտի որոշուի ՀԱՊԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղարին անունը։

Երեւանի ղեկավարութիւնը վերջին օրերուն ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին համար առաջադրեց Վաղարշակ Յարութիւնեանի թեկնածութիւնը։ Սա յայտնի անուն մըն է։ Վաղարշակ Յարութիւնեան Հայաստանի նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն մին է։ Յամենայնդէպս, հայկական քաղաքական շրջանակներէն զանազան մեկնաբաններ ալ վերջին օրերուն կը բարձրաձայնեն, որ ՀԱՊԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղարը կրնայ Հայաստանի առաջադրած ներկայացուցիչը չըլլալ։

Այցելութեան ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան Աստանայի մէջ կը մէկտեղուի նաեւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2018