ՌՈՏՈՍԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ

Նախաձեռնութեամբ Հարաւային եգէականի մարզպետութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Ռոտոս կղզիի «Տիգրան Երկաթ» մասնաճիւղին, վերջերս Ռոտոս կղզիին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական եւ պոնտական երգերու ձօնուած ճոխ երեկոյ մը՝ նուիրուած նորոգ հանգուցեալ Համազգայինի Ռոտոսի մասնաճիւղի ատենապետ Խարա Քէօսէյեանի յիշատակին:

Հայկական եւ պոնտական երգերու կատարումներով ելոյթ ունեցան Լիբանանէն հայազգի երգչուհի Սարինա Քրոս, պոնտոսցի Ցախուրիտիս եղբայրները եւ մեծ թիւով տեղացի արուեստագէտներ:

Համերգին ներկայ եղան Հարաւային եգէականի մարզպետ Եորղոս Խածիմարքոս, Յունաստանի Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ Երկոտասնեան կղզիներու բաժանմունքի պատասխանատու Քալիսթոս Տիաքոեորղիու, նոյն բաժանմունքի տնօրէն Մանիա Միխայիլիտի, Համազգայինի Ռոտոսի «Տիգրան Երկաթ» մասնաճիւղի վարչութեան անդամները, Ռոտոսի պոնտական «Տիղենիս» միութեան անդամները, ինչպէս նաեւ՝ յոյն հանդիսատեսներ եւ օտար զբօսաշրջիկներ:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2018