ԱՍՄՈՒՆՔՆԵՐՈՎ ՎԵՐՅԻՇՈՒՄ

Երեւանի մէջ վերջերս հետաքրքրական ձեռնարկով մը ոգեկոչուեցաւ անմոռանալի դերասան Սօս Սարգսեան։ Այսպէս, Հայաստանի Ազգային գրադարանի երդիքին տակ, «Համազգային»ի թատրոնի դերասանները Սօս Սարգսեանին վերաբերեալ ընթերցումներ ձօնեցին մեծ վարպետի յիշատակին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Համազգային»ի թատրոնի առաջատար դերասաններէն Արման Նաւասարդեան, Սերկէյ Թովմասեան, Նարեկ Պաղտասարեան ու Վարշամ Գէորգեան հանդէս եկան Սօս Սարգսեանի «Ոտնամատերս» ստեղծագործութեան ասմունքով։ Այս ձեռնարկը ձօնուած էր մեծ վարպետի ծննդեան 90-ամեայ յոբելեանին։

Թատրոնի դերասանուհիներէն Տաթեւ Ղազարեան յայտնեց, որ «Ոտնամատերս» ստեղծագործութիւնը Սօս Սարգսեան գրի առած է կեանքի վերջին տարիներուն։ Ինքնակենսագրութիւն մըն էր այդ մէկը։

Այս ձեռնարկին զուգահեռ Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս ցուցադրուեցան Սօս Սարգսեանի գրական ստեղծագործութիւնները, լուսանկարները, իր մասին գրուած գիրքերն ու մամուլի հրապարակումները։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8, 2019