ՍԹՈՔՀՈԼՄԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան 10-ամեակին ձօնուած՝ Սթոքհոլմի մէջ կազմակերպուած նախարարական հաւաքի ընթացքին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ «Արեւելեան գործընկերութեան նոր քաղաքական տեսլականը» խորագրեալ այս հանդիպման ընթացքին Մնացականեան ընդգծեց, որ ներկայիս կարեւորագոյն մարտահրաւէրներէն մին է արժէքներու, ընդհանուր արժէքներու պահպանումը։ «Սակայն, ընդհանուր արժէքները կ՚ենթարկուին մեծ ճնշման եւ սա միայն Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներուն մէջ չէ։ Այն ինչ կը վերաբերի ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւանց, մեր հաշուետուութեան ժողովուրդի առջեւ. այս բոլորը շատ նպաստաւոր են հակամարտութիւններու լուծման համար՝ ի տարբերութիւն միապետական վարչակարգէն։ Մենք նաեւ պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք այն հանգամանքին վրայ, թէ ինչ կը կատարուի ընդհանուր արժէքներու առումով, ինչ տեղի կ՚ունենայ Եւրոպայի մէջ։ Այս մասին պէտք է շատ բաց խօսինք», ըսաւ Մնացականեան։

Անդրադառնալով BREXIT-ին՝ Մնացականեան յայտնեց, որ սա Եւրոմիութեան վերջը չէ, այլ կը վկայէ Եւրոպայի բազմազանութեան մասին։ «Ուստի, սա այն է, ինչ որ մեզ կը դարձնէ մեծ պատկերի մը մասնիկը։ Մենք բոլորս ունինք մեր անհատական օրակարգը։ Այո՛, մենք ունինք երկկողմանի տարբեր օրակարգեր, սակայն պատկանելիութեան զգացումը, Եւրոպայի աւելի մեծ պատկերը այն իսկ է, ինչ որ կը գտնուի Արեւելեան գործընկերութեան հիմքին», շարունակեց Մնացականեան։

Սթոքհոլմի մէջ կազմակերպուած հաւաքին ժամանակ Մնացականեան շեշտեց, որ ԵՄ անվտանգութեան տեսանկիւնէ կը համարուի կարեւոր դերակատար մը՝ կառոյցներու ամրապնդման, էնսթիւթիւսիոնէլ կարողութիւններու զարգացման եւ արժէքներու տեսանկիւնէն։ Այս բոլորը շարունակուած են վերջին շուրջ երեք տասնամեակներուն ու պիտի շարունակեն նաեւ կարեւոր ըլլալ ապագային։

Խօսելով ապագայի մասին՝ Մնացականեան մատնանշեց, որ պէտք է ամրապնդել ընդհանուր եւրոպական տան զգացումը։ «Իրականութեան մէջ յաջորդ տասն տարիներուն համար մենք ունինք լաւ կառուցուածքային երկխօսութեան փայլուն գործընթաց եւ սա պէտք է պահպանուի։ Գոյութիւն ունին բազում, հետաքրքրական գաղափարներ, որոնք կ՚ընդգծեն այս բանը։ Կառուցուածքային երկխօսութեան ձեւաչափին մէջ կ՚երեւին բազում հետաքրքրական գաղափարներ, թէ ինչպէս միասնաբար պիտի նպաստենք ընդհանուր տան գաղափարին», նշեց Զօհրապ Մնացականեան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8, 2019