ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՍԳԱՅ ՄՕՐԸ ԿՈՐՈՒՍՏԸ

Խոր ցաւով վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան կը սգայ իր մօր՝ Նորա Վահանի Սարգսեանի կորուստը։ Երէկ, Նորա Սարգսեան Ստեփանակերտի մէջ մահկանացուն կնքած է 92 տարեկան հասակին։ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գրասենեակը ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուցած է, որ նորոգ հանգուցեալ Նորա Սարգսեանի հոգեհանգիստը այսօր երեկոյեան տեղի կ՚ունենայ Ստեփանակերտի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, իսկ յուղարկաւորութիւնը՝ վաղը կէսօրին, նոյն վայրէն։

Հարկ է նշել, որ Նորա Սարգսեանի մահը վրայ հասած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի լուսահոգի կողակիցին՝ Ռիթա Սարգսեանի մահուան առաջին տարելիցին հետ գրեթէ նոյնաժամանակ։

 Գրասենեակը խորին ցաւակցութիւն յայտնած է Սերժ Սարգսեանին՝ ընտանիքով, հարազատներով ու մերձաւորներով հանդերձ։

Մինչ այդ, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանն ալ ցաւակցական մը հրապարակած է Նորա Սարգսեանի մահուան առթիւ։

Այս առթիւ մենք եւս կը միանանք Սերժ Սարգսեանին ուղղեալ վշտակցութիւններուն՝ մօր կորուստի ծանր պահուն։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2021