ՔԷՕԼՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԵՐԱԺՇՏԱՀԱՆԴԷՍ

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի նախաձեռնութեամբ, շաբաթավերջին Քէօլնի մէջ կազմակերպուեցաւ համերգ մը՝ հայ երաժշտութեան մեծանուն երախտաւորներէն Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ։ Յոբելենական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Donforum» հանդիսասրահին մէջ՝ հովանաւորութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեանի։ Երեկոյթի ընթացքին Նորին Սրբազնութեան կողքին էին գերմանահայ հոգեւորականաց դասէն ներկայացուցիչներ, համայնքային վարիչներ եւ երաժշտասէրներ։

Թեմական խորհուրդի ատենապետ Սերովբէ Օտապաշեանի ողջոյնի խօսքով սկսաւ յայտագրի գործադրութիւնը։ Առաջին բաժնին մէջ հանդէս եկաւ Քէօլնի հայ համայնքի «Կոմիտաս» երգչախումբը։ Երկրորդ բաժնին մէջ հանդէս եկան Հայաստանէն Գերմանիա հաստատուած երիտասարդ երաժիշտներ՝ Գուրգէն Բաւէեան (պարիթոն) եւ դաշնակահարուհի Տիանա Սահակեան։ Յայտագրի երկու բաժիններուն ալ ինչպէս Առնօ Բաբաջանեանի, այնպէս այլ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններու կատարումները տեղի ունեցան։

Քէօլնի Առաջնորդարանի դիւանի համապատասխան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ համավարակի հետեւանքով սրահի տարողութիւնը սահմանափակուած էր, իսկ բախտաւոր հանդիսատեսները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին բարձրակարգ կատարումները։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2021