ՖԻՏԱՆ ԱԹԷՆՔ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Աթէնք, ուր կը հիւրընկալւի Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորկօ Կերափեթրիտիսի կողմէ։ Մինչ Անգարա-Աթէնք առանցքին վրայ նոր կլիմայ մը ձեւաւորելու ուղղեալ ջանքերը կը շարունակուին, այցելութեան ընդառաջ երկու նախարարները փոխադարձ յայտարարութիւններ ըրին Թուրքիոյ եւ Յունաստանի յառաջատար լրատուամիջոցներուն։ Անոնք համոզուած են, թէ երկու հարեւան երկիրները պէտք է խաղաղութեան մէջ ապրին։ Կերափեթրիտիս համոզուած է, թէ նկատելի քաղաքական կամք մը գոյութիւն ունի՝ երկկողմանի յարաբերութիւնները տարբեր հունի մը մէջ դնելու համար։ Իր խօսքով՝ Բ. աշխարհամարտին յաջորդած ամենամեծ անորոշութեան շրջանի պայմաններուն ներքեւ ջանքեր կը գործադրուին Թուրքիա-Յունաստան յարաբերութիւններու որակը փոխելու համար։

Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները, նաեւ Եւրոմիութեան վերաբերեալ խնդիրներ։ Կողմերը մտահոգ են տարածաշրջանէն ներս հակամարտութեան ընդլայնման հետեւանքով։ Կերափեթրիտիս Ֆիտանը հիւրընկալելու ընդառաջ նշած է, որ կողմերը պէտք չէ կառչած մնան կարծրատիպերէ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8, 2024