ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ՄԻՇՏ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ բա­խում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին ամ­բողջ թա­փով։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծին վրայ գի­շե­րուան ժա­մե­րուն դար­ձեալ ապրուե­ցաւ լա­րուա­ծու­թիւն։ Հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Ատր­պէյ­ճան շա­րու­նա­կած է թա­փով խախ­տել հրա­դա­դա­րը՝ շուրջ 250 ան­գամ։ Ա­զէ­րի զօր­քե­րը օգ­տա­գոր­ծած են զա­նա­զան տրա­մա­չա­փի հրաձ­գա­յին զի­նա­տե­սակ­ներ, ա­կա­նա­նե­տեր, նըռ-նա­կա­նե­տեր եւ ընդ­հա­նուր առ­մամբ հայ դիր­քա­պահ­նե­րու ուղ­ղու­թեամբ ար­ձա­կած են 2700 կրա­կոց։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի յա­ռա­ջա­պահ զօ­րա­մա­սե­րը կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն մար­տա­կան հեր­թա­պա­հու­թիւն եւ ի­րենց գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով կը ջա­նան ճնշել ա­զէ­րի զօր­քե­րու նա­խա­յար­ձակ աշ­խու­ժու­թիւ­նը։

Հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րու այս հա­ղոր­դում­նե­րուն զու­գա­հեռ տե­ղա­կան մա­մու­լը այ­սօր կ՚անդ­րա­դառ­նայ Ատրպէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ փո­խան­ցուած տուեալ­նե­րուն։ Այդ լու­րե­րուն մէջ տա­րա­ծուած են ու­ղիղ հա­կա­ռակ պնդում­ներ, ըստ ո­րոնց հայ­կա­կան զօր­քե­րը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած են յար­ձա­կում­ներ, ո­րոնք կ՚ա­ւելց­նեն լա­րուա­ծու­թիւ­նը։ Իսկ ա­զէ­րի զօր­քե­րը փո­խա­դար­ձած են ռմբա­կո­ծու­թիւն­նե­րով։ Ըն­թաց­քին Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րու թի­րա­խը դար­ձած է Հա­յաս­տա­նի ա­նօ­դա­չու թռչող սարք մը։ Պա­քուի աղ­բիւր­նե­րու պնդում­նե­րով, Հա­յաս­տան վեր­ջին շրջա­նին հրա­դա­դա­րը խախ­տե­լով կը կրա­կէ նաեւ շփման գծի մեր­ձա­կայ գիւ­ղե­րու խա­ղաղ բնակ­չու­թեան վրայ։

Միւս կող­մէ, Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կէն են­թաս­պայ մը՝ Ապ­տուլ­լահ Մոլ­լաեւ զո­հուած է այս վեր­ջին բա­խում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով՝ նոյն­պէս Պա­քուի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015