ԻՐԱՆ ՆՈՐ ԾՐԱԳՐԵՐ Կ՚ԱՌԱՋԱՐԿԷ

Մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին շուրջ Ա­րեւ­մուտ­քին հետ հա­մա­ձայ­նու­թեան հաս­նե­լէ վերջ՝ Ի­րան ներ­կա­յիս կը նա­խա­տե­սէ բազ­մա­կող­մա­նի քայ­լե­րու ձեռ­նար­կել տնտե­սու­թիւ­նը թա­փով զար­գաց­նե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Թեհ­րան վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կած է ար­տա­սահ­մա­նեան ու­ժա­նիւ­թա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հետ պայ­մա­նագ­րեր կնքե­լու կար­գը՝ փոր­ձե­լով 30 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի նոր ներդ­րում­ներ ներգ­րա­ւել։ «Պի.Պի.Սի.»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, քա­րիւ­ղի այս նոր պար­տա­ւո­րագ­րե­րու պայ­ման­նե­րը ա­ւե­լի գրա­ւիչ պի­տի ըլ­լան ար­տա­սահ­մա­նեան ներդ­րող­նե­րու տե­սա­կէ­տէ։ Ար­դա­րեւ, ա­նոնց շա­հա­բաժ­նի բարձ­րա­ցում կ՚ա­ռա­ջար­կուի եր­կա­րա­ժամ­կէտ շա­հոյթ­նե­րու մէջ։

Այս նոր կար­գադ­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կա­տա­րուե­ցան վեր­ջերս Թեհ­րա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած խորհր­դա­ժո­ղո­վի մը ըն­թաց­քին։ Այդ հա­ւա­քոյ­թին մաս­նակ­ցե­ցան աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ յա­ռա­ջա­տար ու­ժա­նիւ­թա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Վիթ­խա­րի շու­կա­յի հան­գու­ցա­յին խա­ղա­ցող­նե­րը շա­հագրգ­ռուած են Ի­րա­նի նաւ­թի ըն­դար­ձակ պա­շար­նե­րու օգ­տա­գործ­ման մաս­նակ­ցե­լով։

Հարկ է նշել, որ Ի­րան կը տնօ­րի­նէ աշ­խար­հի մե­ծա­գոյն նաւ­թի ու կա­զի պա­շար­նե­րէն մին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015