ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԵՄ-Ի ՄԻՋԵՒ ՇՐՋԱՆԱԿԱՅԻՆ ՆՈՐ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻ ՇՈՒՐՋ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան մի­ջեւ ի­րա­ւա­կան շրջա­նա­կա­յին նոր հա­մա­ձայ­նագ­րի մը շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ե­րէկ սկսան Պրիւք­սէ­լի մէջ։ Սոյն բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան մեկ­նար­կը ազ­դա­րա­րե­ցին՝ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ Եւ­րո­միու­թեան միաս­նա­կան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ու պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցե­րով գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար, Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի։ Եւ­րո­միու­թեան կեդ­րո­նա­տե­ղիէն ներս այս առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սկիզ­բը ազ­դա­րա­րուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սկիզ­բին ա­ռըն­թեր, ե­րէկ Պրիւք­սէ­լի մէջ ա­ռան­ձին հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցան Նալ­պան­տեան եւ Մո­կե­րի­նի, ո­րոնք հան­դէս ե­կան նաեւ հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նալ­պան­տեան-Մո­կե­րի­նի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին եր­կուս­տեք գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նուե­ցաւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սկիզ­բին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Նա­խա­րար Նալ­պան­տեան այս ամ­բող­ջին մէջ յոյս յայտ­նեց, որ աշ­խոյժ քննար­կում­նե­րու մի­ջո­ցաւ Հա­յաս­տան եւ ԵՄ պի­տի կա­րե­նան հա­մա­ձայ­նու­թեան հաս­նիլ նոր շրջա­նա­կա­յին հա­մա­ձայ­նագ­րի մը շուրջ եւ այս վեր­ջի­նը պի­տի ար­տա­ցո­լէ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ծա­ւալն ու խոր­ու­թիւ­նը եւ նոր ու­ղե­նի­շեր պի­տի սահ­մա­նէ փո­խա­դարձ շա­հա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար։

Նա­խա­րար Նալ­պան­տեան կա­րե­ւո­րեց ԵՄ-ի խոր­հուր­դի ո­րո­շու­մը, ո­րով ար­տա­ցո­լուած է գոր­ծըն­կեր­նե­րու նկատ­մամբ գոր­ծադ­րուե­լիք տար­բե­րակ­ման սկզբուն­քը՝ հա­շուի առ­նե­լով ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու, մար­դու ի­րա­ւանց պաշտ­պա­նու­թեան, օ­րէն­քի գե­րիշ­խա­նու­թեան եւ ար­դիւ­նա­ւէտ կա­ռա­վար­ման ո­լորտ­նե­րէն ներս ա­նոնց յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման գոր­ծին մէջ ար­ձա­նագ­րած յա­ռա­ջըն­թա­ցը։ Զրու­ցա­կից­նե­րը անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­ցին նաեւ մուտ­քի ար­տօ­նու­թիւն­նե­րու դրու­թեան ա­զա­տա­կա­նաց­ման շուրջ երկ­խօ­սու­թեան։ Նալ­պան­տեան տե­ղե­կա­ցուց օր մը ա­ռաջ Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու հան­րա­քուէին եւ ա­նոնց ար­դիւնք­նե­րուն մա­սին։ Զրու­ցա­կից­նե­րը անդ­րա­դար­ձան նաեւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ մի­ջազ­գա­յին պայ­քա­րին, Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին, շարք մը այլ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին խնդիր­նե­րու։ Քննար­կուե­ցաւ նաեւ Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րի շուրջ հա­մա­ձայ­նու­թեան կա­տար­ման ըն­թաց­քը։

Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նիին ներ­կա­յա­ցուց Հա­յաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ ձեռ­նար­կուած ջան­քե­րը՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման նպա­տա­կով։ Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի հեր­թա­կան ան­գամ ըն­դգծեց Եւ­րո­միու­թեան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը՝ ի նպաստ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան։

Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան վե­րա­հաս­տա­տեց նաեւ Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նիին ուղ­ղեալ հրա­ւէ­րը՝ Ե­րե­ւան այ­ցե­լե­լու հա­մար։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015