Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ՆԱԽԱՐԱՐ ԿԱՐԷՆ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԱՄՆ
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Կարէն Միրզոյեան ԱՄՆ-ի Գոնկրէսէն ներս կը մասնակցի Արցախի անկախութեան տարեդարձին ձօնուած եւ աւանդական դարձած տարեկան ձեռնարկին, որու ընթացքին հանդէս կու գայ ելոյթով մը։
Նախատեսուած են նաեւ Միրզոյեանի շարք մը հանդիպումները՝ ամերիկացի գոնկրէսականներու եւ ամերիկահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015