ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԹԱՓԱՆՑԻԿՈՒԹԻՒՆ
Շաբաթավերջին տեղի ունեցած Սահմանադրութեան փոփոխութեան ուղղեալ հանրաքուէէն վերջ, երէկ, Երեւանի մէջ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Նախագահական ապարանքին մէջ ան այս առթիւ հիւրընկալեց պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր, բազմաթիւ պաշտօնատար անձնաւորութիւններ, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ։ Հաւաքոյթի ընթացքին վայրկեան մը յարգանքի լռութիւն պահուեցաւ 7 Դեկտեմբեր 1988 թուականի երկրաշարժի զոհերու յիշատակը յարգելու համար։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան աւելի վերջ հանդէս եկաւ հետեւեալ ելոյթով։
Երէկ մենք միասին հատեցինք կարեւոր եզրագիծ մը, որու առջեւ կանգնած էինք վերջին երկու տարիներու ընթացքին։ Խոհեմութեան, հեռատեսութեան եւ հաւատի լոյսը ցրուեց անորոշութեան, կասկածներու մտահոգութիւններու մառախուղը։ Երէկ մենք ընտրեցինք երկարաժամկէտ ու կայուն զարգացման ճանապարհը եւ այս մէկուն շնորհիւ հայկական պետութիւնը այսօր արդէն կը թեւակոխէ իր զարգացման յաջորդ փուլը։
«Ոչ»ի կողմնակիցներէն շատերը իրենք իրենց մասին որպէս «ճակատ» կը խօսէին։ Ես փորձած եմ այս բառէն որքան հնարաւոր է խուսափիլ։ Իմ խորին համոզմամբ, երկրէն ներս ճակատ ունենալու իրաւունքը մենք չունինք։ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը ունեցած ազգի մը համար սա անթոյլատրելի շռայլութիւն մըն է։ Աւելի՛ն, այս փոփոխութիւններու հիմնական նպատակներէն մին ալ այն էր, որ երկրէն ներս ճակատ-ճակատի դուրս գալու եւ կռիւ տալու կարիքը չըլլայ։
Այսօր մենք կրնանք արձանագրել, որ կառավարման խորհրդարանական համակարգը մեր պետութեան համար արդէն իրականութիւն է։ Սա կը նշանակէ ուժեղ իշխանութեան եւ ուժեղ ընդդիմութեան գոյութիւն, քաղաքական կուսակցութիւններու դերի բարձրացում, անոնց զարգացման նոր հնարաւորութիւններու ընձեռում։ Սա կը նշանակէ նաեւ զարգացած կուսակցական համակարգ, որ ժողովրդավարական որեւէ պետութեան կարեւորագոյն նախապայմաններէն մին է։ Խորհրդարանական համակարգ անցումը ժողովուրդին համար պիտի ապահովէ օրէսնդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու գործունէութեան աւելի մեծ թափանցիկութիւն։ Այսուհետեւ կը յստակեցուի գործադիր իշխանութեան պատասխանատուութիւնը եւ կը բարձրանայ անոր հաշուետուողականութիւնը, իսկ անոր գործունէութիւնը խորհրդարանի եւ ժողովուրդի համար կը դառնայ աւելի կանխատեսելի։
Ի վերջոյ, այս փոփոխութիւնները թոյլ կու տան աւելի վստահ ըլլալ մեր պետութեան անվտանգութեան ապահովման հարցին մէջ։ Զինեալ ուժերու ղեկավարումը եւ գործնական կառավարումը ապահովող սահմանադրական լուծումները թոյլ կու տան արագ եւ արդիւնաւէտ որոշումներ կայացնել թէ՛ մեզի համար արդէն սովորական դարձած իրավիճակի մէջ եւ թէ ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ։
Շատ շատերուս հիմնական մտահոգութիւններէն մէկը եղած է ազգային անվտանգութեան ու պաշտպանութեան խնդիրներուն վրայ այս փոփոխութիւններուն ազդեցութիւնը։ Հաւատացէք, որ այստեղ միլիմեթրի ճշգրտութեամբ ամէն ինչ հաշուարկած ենք։ Հակառակ պարագային՝ նուազագոյն իսկ վտանգի դէպքին, ես անձամբ պիտի կասեցնէի այս գործընթացը։
Շատ կարեւոր է, որ քարոզարշաւի ընթացքին «այո» կը քարոզէին ինչպէս Հանրապետական կուսակցութիւնը, այնպէս ալ՝ խորհրդարանէն ներս ներկայացուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ այլ շարք մը կուսակցութիւններ։
Այդ «այո»ն չէր նշանակեր, որ մեր մէջ տարաձայնութիւններ, բանավէճեր եւ սուր քննարկումներ չեն եղած։ Թէ որքան ունեցած ենք միայն մենք գիտենք։ Այնուամենայնիւ, մենք մշտապէս ուժ կը գտնէինք մեր մէջ փոխադարձ զիջումներու երթալու, փոխադարձ ընդունելի տարբերակներ մշակելու։ Վստահ եմ, որ համագործակցութեան այս շրջանակը պիտի շարունակէ ընդլայնուիլ՝ յանուն մեր ազգային պետութեան, յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան։
Այս բարեփոխումը շատ կարեւոր ու նոր հանգրուան մըն է Հայաստանի պետութեան եւ ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման ճանապարհին։ Արդիականացուած մեր Սահմանադրութեան այժմ պէտք է տանք նոր ուժ, նոր միս ու արիւն։
Մեր բռնած ճանապարհը տակաւին աւարտած չէ։ Ընդհակառակն, մենք այսօր իսկ նոր ճանապարհին մեկնարկը կու տանք։
Սահմանադրութեան բարեփոխումը պէտք է համարժէքօրէն արտացոլուի Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ իրաւական համակարգին մէջ։ Պէտք է ընդունուին շարք մը սահմանադրական օրէնքներ, փոփոխութիւններ պէտք է կատարուին հարիւրաւոր օրէնքներու մէջ։
Այսօր անմիջապէս պէտք է լծուինք աշխատանքի, որպէսզի պատրաստենք նոր Ընտրական օրէնսգիրքը։ Այդ աշխատանքը պէտք է աւարտած ըլլանք մինչեւ 2016 թուականի Յունիսի 1-ը, որպէսզի 2017 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւնները անցնին աւելի բարձր վստահութեան մթնոլորտի մէջ, որպէսզի ընտրութիւններու արդիւնքները կասկած չյարուցեն ինչպէս կուսակցութիւններուն, այնպէս ալ մեր քաղաքացիներուն մօտ։
Մենք պատրաստ ենք ամենաբաց եւ ամենաընդգրկուն քննարկումներու բոլոր հաւանական ձեւաչափերուն մէջ, որպէսզի ի վերջոյ ընդունինք նոր՝ լաւագոյն Ընտրական օրէնսգիրքը։ Մենք պատրաստ ենք քննարկել որեւէ դրութիւն, որ կ՚ապահովէ թափանցիկութիւն եւ վստահութիւն։ Կը յուսամ, որ մեր ընդդիմախօսները կ՚ընդունին այս հրաւէրը եւ մեզի հետ հաւասար կը լծուին այս կարեւոր աշխատանքին։
Մենք մեր հերթին պատրաստ ենք աշխատիլ, որպէսզի նոր Ընտրական օրէնսգիրքը համապատասխանէ միջազգային լաւագոյն փորձառութեան։ Մենք քաջ կը գիտակցինք, որ յառաջիկայ ընտրութիւններու որակով առաւելապէս պայմանաւորուած է մեր պետութեան, մեր ժողովուրդի վաղուան օրը։ Ուստի, պիտի աշխատինք բաց ու թափանցիկ, որովհետեւ ամենաթանկը կը համարենք վստահութիւնն ու անոր ամրապնդումը։ Անկեղծ երկխօսութիւնը, երկրէն ներս հանրային կեանքի կարգաւորման ոլորտին մէջ առկայ խնդիրներու լուծումը մեր երկրի զարգացման նախապայմաններն են։
Այսօր մեզի անհրաժեշտ է վստահութիւն ոչ միայն քաղաքական ուժերու միջեւ, այլեւ հանրութեան մեծ վստահութիւն քաղաքական ուժերու նկատմամբ։ Միայն այս ձեւով քաղաքական ուժերը պիտի կարենան կայանալ՝ որպէս փոփոխութիւն իրականացնելու գործին մէջ հանրութեան լիազօրած ներկայացուցիչները։ Ազգային ժողովը պէտք է դառնայ գաղափարական բանավէճերու, երկրի համար կարեւորագոյն լուծումներ գտնելու թիւ մէկ հարթակը։ Ընտրութիւններու արդիւնքին պէտք չէ ըլլան ամէն ինչ ստացածներ եւ ամէն ինչ կորսնցուցածներ։
Եւ այսօր, երբ մենք միասին կանգնած ենք նոր ճանապարհի մը սկիզբին, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք այս երկու տարիներու ընթացքին իրենց ջանքերով եւ նուիրուածութեամբ նպաստած են գործընթացին։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մասնագիտական յանձնաժողովի նախագահին, անդամներուն, իրենց բարձր արհեստավարժութեան եւ սկզբունքայնութեան համար։ Շնորհակալութիւն այն բոլոր քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն եւ ներկայացուցիչներուն, այն անհատ քաղաքացիներուն, որոնք հաւատացին ու սատարեցին այս նախաձեռնութեան։ Շնորհակալութիւն հանրաքուէի գործընթացի պատշաճ կազմակերպման եւ իրականացման մասնակցած բոլոր անձերուն։ Սա մեծ եւ ընդգրկուն աշխատանք մըն էր, զոր մենք անցուցինք ուս ուսի։
Այս ընթացքին ես մէկ անգամ չեմ խօսած արդար եւ թափանցիկ հանրաքուէ մը իրականացնելու կարեւորութեան մասին։ Առաւել քան վստահ եմ այն բանին մէջ, որ իրաւապահ մարմինները ամէն ինչ ըրին, որպէսզի այս համապետական միջոցառումը անցնի բնականոն հունով։ Այժմ արդէն իրաւասու մարմինները պէտք է պատշաճ ընթացակարգերու շրջանակներուն մէջ օրէնքի տարրին եւ ոգիին համապատասխան գնահատականներ տան խախտումներու վերաբերեալ բոլոր ահազանգներուն։ Սա իսկապէս կարեւոր է վաղուան համար։
Այսօր արդէն մենք շատ աւելի պատրաստ ենք արդիւնաւէտ պետութեան կայացման ճանապարհի յաջորդ քայլերը իսկապէս ամուր դնելու համար։ Վստահ եմ, որ պիտի կարողանանք արդէն քառորդ դարեայ պետականութեան փորձով իմաստնացած՝ տարբերակել մնայունը անցողիկէն, կարեւորը՝ երկրորդականէն։ Եւ, ամենակարեւորը, վստահ եմ, որ նորանկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ թերեւս առաջին անգամ պիտի կարողանանք իշխանութիւնը դարձնել ոչ թէ ունակ ուժերը իրարմէ բաժնելու, այլ՝ զանոնք իրարու միացնելու գործին։ Պետութեան ամրութիւնը պայմանաւորուած է ոչ թէ սոսկ իշխանութիւններու մտադրութիւններով, անկեղծ ցանկութիւններով ու խոստումներով, այլ այդ բոլորը իրականութիւն դարձնելու կայուն համակարգի գոյութեամբ։ Մեր գործօն եւ տրամաբանական համակարգի կայացման առաջին, բայց կարեւոր քայլը արդէն առած ենք։ Միւս բոլոր քայլերն ալ պիտի առնենք միասին եւ մեր սերունդներուն միասին պիտի թողենք արդիւնաւէտ պետութիւն։