ԷԼ ՊԱՊԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ԵՐԿՈՒ ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ
Սուրիոյ տարածքէն ներս «Եփրատի վահան» գործողութիւնները յառաջ տանելու ժամանակ Թուրք զինեալ ուժերը երէկ տուին նոր կորուստներ։ Էլ Պապի շրջանէն ներս նահատակուեցան երկու թուրք զինուորներ, ինչ որ խոր ցաւ պատճառեց ամբողջ երկրին մէջ։ Թրքական զօրքերուն վրայ ռումբով բեռնաւորուած ինքնաշարժի մը միջոցաւ գործուած յարձակման մը զոհ գացին անոնք։ Նոյն դէպքին ընթացքին վեց զինուոր ալ վիրաւորուեցաւ։
Մինչ այդ, Էլ Պապի վրայ թրքական ռազմաօդային ուժերը իրականացուցին ազդու ռմբակոծումներ՝ ոչնչացնելով ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) տասներկու դիրքեր։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ԻՇԻՊ-ի շարքերէն 23 ահաբեկիչներ սպաննուեցան այս գործողութիւններուն ընթացքին։