ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ա­նուշ Թրուանց կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նէն.-

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) հիմ­նադ­րու­թեան 110-ա­մեա­կին ձօ­նուած յո­բե­լե­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Այդ ծրագ­րին ար­ձա­գանգ­նե­րը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կուին։ Մինչ այդ, յո­բե­լեա­նը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցած է նաեւ ազ­դան­շան­ներ տա­լու հա­մար ՀԲԸՄ-ի որ­դեգ­րե­լիք յա­ռա­ջի­կայ ըն­թաց­քին եւ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն։ Ար­դա­րեւ, Միու­թեան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղե­կա­ցուց, որ որ­դեգ­րած է ռազ­մա­վա­րա­կան նոր ուղ­ղու­թիւն մը։

Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վարչու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեան, Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րէն՝ Հայ­կա­կան հա­մա­ցան­ցա­յին հա­մալ­սա­րա­նի հիմ­նա­դիր Ե­րուանդ Զօ­րեան, Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րէն՝ Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վար Վազ­գէն Եա­գու­պեան եւ Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Դա­լար Գա­զան­ճեան վեր­ջին օ­րե­րուն սար­քե­ցին մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կան ծա­ւա­լուն յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։

Ըստ Պերճ Սեդ­րա­կեա­նի, ՀԲԸՄ-ի կեան­քէն ներս կար­ծես կ՚ակն­կա­լուի, որ իւ­րա­քան­չիւր հինգ կամ տասն տա­րին ան­գամ մը պէտք է ա­ռիթ ստեղ­ծել՝ վե­րար­ժե­ւո­րե­լու հա­մար կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քը։ Ար­դա­րեւ, ներ­կայ աշ­խար­հը շատ ա­րագ կ՚են­թար­կուի փո­փո­խու­թեան ու զու­գա­հե­ռա­բար կը փո­խուին նաեւ պա­հանջ­նե­րը։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, ե­թէ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը հա­մա­պա­տաս­խան քայ­լե­րը չառ­նեն, ա­պա ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կը դադ­րի ի­րենց դե­րը։ «Ան­շուշտ վեր­ջին տասն տա­րի­նե­րու ա­մե­նա­կա­րե­ւոր դէպ­քերն էին Ի­րա­քի ու Սու­րիոյ պա­տե­րազմ­նե­րը, ո­րոնք բո­լո­րո­վին խախ­տե­ցին Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մեր գա­ղութ­նե­րուն կեան­քը։ Այս տագ­նա­պը, ան­շուշտ, սկսաւ 1970-ա­կան­նե­րուն՝ Լի­բա­նա­նի մէջ, յե­տոյ Ի­րան, Սու­րիա, Ի­րաք։ Այս բո­լո­րը կը հա­մա­րուին մայր գա­ղութ­ներ, ո­րոնք Հա­յաս­տա­նէ դուրս ող­նա­յարն էին մեր ազ­գա­պահ­պա­նու­թեան։ Ա­նոնք լրջօ­րէն ցնցուե­ցան։ Մեր ժո­ղո­վուր­դը ցրուե­ցաւ, վեր­ջին ե­րե­սուն տա­րի­նե­րուն Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ մնաց մեր ժո­ղո­վուր­դին գրե­թէ միայն 20 տո­կո­սը։ Բա­րե­բախ­տա­բար, ան­կախ հայ­րե­նի­քի, հայ­կա­կան պե­տու­թեան գո­յու­թիւ­նը կայ։ Հա­յաս­տան սրտբաց ըն­դու­նեց ոչ միայն սու­րիա­հա­յե­րը, այլ աշ­խար­հի ո­րե­ւէ մէկ ան­կիւ­նի այն հա­յը, որ կը փա­փա­քի։ Հա­յաս­տա­նի դռնե­րը բաց են։ Պէտք է ը­սել, որ իշ­խա­նու­թիւ­նը եւ պե­տու­թիւ­նը իս­կա­պէս, իր բո­լոր ճի­գը ի գործ դրաւ, որ­պէս­զի ջեր­մօ­րէն ըն­դու­նի դուր­սէն ե­կած հա­յը։ Նոյ­նը եւ՝ Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դը։ Սա է ան­կախ պե­տու­թեան մը ա­ռա­ւե­լու­թիւ­նը։ Այ­սօր հայ ժո­ղո­վուր­դը աշ­խար­հի վրայ ու­նի տէր ու տի­րա­կան», ը­սաւ Պերճ Սեդ­րա­կեան։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն տե­ւո­ղու­թեան ան ընդգ­ծեց նաեւ, որ այս բո­լո­րը ցնցում­նե­րու պատ­ճառ դար­ձած են հա­յոց ազ­գա­յին կեան­քէն ներս։ «Սփիւռ­քի մէջ ար­դէն վեր­ջին տասն տա­րի­նե­րուն մենք ա­կա­նա­տես ե­ղանք, որ մեր բուն, մայր գա­ղութ­նե­րէն հա­յու­թիւ­նը մեկ­նի դէ­պի Եւ­րո­պա, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ կամ Ռու­սաս­տան։ Նոր սե­րուն­դը, յա­ջո­ղած սե­րուն­դը կը հե­ռա­նայ իր ինք­նու­թե­նէն։ Այս մէ­կը շատ մտա­հո­գիչ է, Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թի հա­մա­զօր. քա­նի որ Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թում­նե­րը գո­նէ եր­կու-ե­րեք սե­րունդ տա­կա­ւին կը մնան հայ։ Բո­լոր դրսե­ցի­նե­րը, ե­թէ յա­ռա­ջի­կայ հինգ-տա­սը տա­րի­նե­րուն ճիգ մը չվատ­նենք, ե­թէ ա­նոնց մէկ մա­սը չհրա­պու­րենք, չքա­շենք դէ­պի ի­րենց ինք­նու­թիւ­նը, ա­պա ա­նոնք պի­տի ձու­լուին, պի­տի կոր­սուին, սփիւռ­քը պի­տի տկա­րա­նայ եւ իր կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը պի­տի կորսնց­նէ՝ նաեւ հայ­րե­նի­քին թի­կունք կանգ­նե­լու ա­ռու­մով։ Հե­տե­ւա­բար, յա­ռա­ջի­կայ տա­սը տա­րի­նե­րուն հա­մար մեր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը ա­սոնք են։ Սփիւռ­քի մէջ մենք ինչ­պէ՞ս մի­ջա­վայր պի­տի ստեղ­ծենք, ինչ­պէ՞ս պի­տի մօ­տեց­նենք հե­ռա­ցող­նե­րը ի­րենց ինք­նու­թեան եւ այս ամ­բող­ջին մէջ ան­շուշտ կա­րե­ւո­րա­գոյնն է խա­րիս­խը՝ հզօր հայ­րե­նիք ու­նե­նա­լը։ Սա պէտք է ըլ­լայ բո­լո­րիս մտա­հո­գու­թիւ­նը՝ իբ­րեւ մէկ ազգ, մէկ ժո­ղո­վուրդ՝ մեծ աշ­խար­հի մէջ։ Ե­թէ մենք միաս­նա­բար կա­րե­նանք զօ­րաց­նել մա­նա­ւանդ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան վի­ճա­կը, ե­թէ օ­տա­րա­ցող սե­րունդ­նե­րը հրա­պու­րե­լիք հայ­րե­նիք մը ու­նե­նանք, ե­թէ մե­զի հպար­տու­թիւն ներշն­չե­լիք Հա­յաս­տան մը ըլ­լայ, ա­պա մեր ա­պա­գան վտան­գի տակ պի­տի չըլ­լայ։ Ու­րեմն յա­ռա­ջի­կայ տա­սը տա­րի­նե­րուն մեր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ուղ­ղուած պի­տի ըլ­լայ դէ­պի հայ­րե­նիք։ Ան­շուշտ, միեւ­նոյն ա­տեն ինք­նու­թեան պահ­պան­ման քայ­լեր պի­տի կա­տա­րուին նաեւ սփիւռ­քի մէջ՝ կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին մեր ա­ռա­քե­լու­թեան տե­ւա­կա­նաց­մամբ», ը­սաւ Պերճ Սեդ­րա­կեան։

Մամ­լոյ ա­սու­լի­սին տե­ւո­ղու­թեան ՀԲԸՄ-ի նա­խա­գա­հը կանգ ա­ռաւ ներ­կայ հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցեալ աշ­խար­հի ի­րո­ղու­թիւն­նե­րուն վրայ։ «Հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը մեր ազ­գին, փոքր ազ­գե­րուն հա­մար ընդ­հան­րա­պէս շատ նպաս­տա­ւոր է, ո­րով­հե­տեւ այ­լեւս մեծ ազգ ըլ­լա­լու պէտք չու­նիս ցոյց տա­լու հա­մար ուժդ։ Ե­թէ յա­ջո­ղու­թիւն մը ու­նիս, կրնաս հաս­նիլ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն», ը­սաւ Պերճ Սեդ­րա­կեան եւ ա­ւել­ցուց, որ սփիւռ­քի գա­ղութ­նե­րը պէտք է ա­մուր կա­պեր ու­նե­նան Հա­յաս­տա­նի հետ, այ­լա­պէս ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ա­նոնք ալ հետզ­հե­տէ պի­տի տկա­րա­նան։ Ան հա­մո­զուած է, որ պե­տու­թիւ­նը, ե­կե­ղե­ցին եւ սփիւռ­քը պար­տա­ւոր են միա­սին աշ­խա­տե­լու։ Սեդ­րա­կեան ը­սաւ. «Ե­կե­ղե­ցիին դե­րը շատ կա­րե­ւոր է։ Շա­տեր կը զար­մա­նան, թէ մենք ին­չու այս­քան շատ կ՚ար­տա­յայ­տուինք ե­կե­ղեց­ւոյ մա­սին։ Վեր­ջին հա­շուով աշ­խար­հա­տա­րած ա­մե­նա­զօ­րա­ւոր մեր հաս­տա­տու­թիւ­նը ե­կե­ղե­ցին է։ Ե­թէ ան­ցեա­լին ան դեր ու­նե­ցած է մեր ինք­նու­թիւ­նը պա­հե­լու ա­ռու­մով, ա­պա այ­սօր ա­նոր դե­րը ռազ­մա­վա­րա­կան է։ Ե­կե­ղե­ցին ալ, իր հեր­թին, պէտք է կա­րե­նայ գտնել նոր, ու­սեալ ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնք կրնան հո­գե­ւոր գո­հա­ցում տալ նոր սե­րուն­դին։ Ա­մե­նէն լաւ մեր ազ­գա­յին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն են ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր­նե­րը, ե­կե­ղե­ցին միակ հաս­տա­տու­թիւնն է, որ Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յէն Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա, Ռու­սաս­տա­նէն մին­չեւ Եւ­րո­պա եւ Աւստ­րա­լիա՝ ներ­կա­յու­թիւն ու­նի ա­մէն տեղ։ Այ­սօր մենք մեր ե­կե­ղե­ցին կը դի­տենք ոչ միայն իր պատ­մա­կան դե­րին հա­մար, այլ իր ա­պա­գայ դե­րա­կա­տա­րու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեամբ ու հա­մա­պա­տաս­խան ակն­կա­լու­թիւն­նե­րով՝ թէ՛ կրօ­նաե­կե­ղե­ցա­կան եւ թէ ազ­գա­յին տե­սան­կիւ­նէն»։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2016