ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՍՏԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ Տ. ՊԱՐԷՏ Ծ. ՎՐԴ. ԵՐԷՑԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ

Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան կա­լուա­ծոց տե­սուչ Տ. Պա­րէտ Ծ. Վրդ. Ե­րէ­ցեան ներ­կա­յիս կ՚այ­ցե­լէ Լոս Ան­ճե­լըս, ուր յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ալ ը­րած է մա­մու­լին։ Այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ մեր վեր­ջին հա­ղոր­դում­նե­րուն զու­գա­հեռ՝ ե­լեկտ­րո­նիկ փոս­տով խմբագ­րու­թեանս հա­սաւ հե­տե­ւեալ գրու­թիւ­նը, որ ստո­րագ­րուած է Նա­հա­պետ Մել­քո­նեա­նի կողմէ։ Ստո­րեւ այդ նա­մա­կը կը հրա­տա­րա­կենք՝ ցո­լաց­նե­լու հա­մար Տ. Պա­րէտ Ծ. Վրդ. Ե­րէ­ցեա­նի Լոս Ան­ճե­լըս կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ամ­բող­ջա­կան մթնո­լոր­տը։ Հա­կուած չենք լրիւ բաժ­նե­լու նա­մա­կի հե­ղի­նա­կին կող­մէ օգ­տա­գոր­ծուած ո­րա­կում­ներն ու ա­ծա­կան­նե­րը, ո­րոնց պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը կը վի­ճա­կի ա­նոր։ Ու­րեմն այս մտադ­րու­թեամբ տեղ կու տանք Մել­քո­նեա­նի նա­մա­կին։

Լոս Ան­ճե­լը­սի հայ մա­մու­լին մէջ կար­դա­ցինք, Ե­րու­սա­ղէ­մի Սրբոց Յա­կո­բեանց միա­բա­նու­թեան ան­դամ Տ. Պա­րէտ Ծ. Վրդ. Ե­րէ­ցեա­նի հեր­թա­կան պաշ­տօ­նա­կան ստա­խօ­սու­թիւ­նը, ուր եւ յի­շուած էր մեր ա­նու­նը:

Կա­տա­րենք ճշդում­ներ:

1.- Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քին մուտ­քը Յոր­դա­նան ԱՐ­ԳԻ­ԼՈ­ՒԱԾ Է, որ­պէս Persona non grata (Ան­բաղ­ձա­լի տարր):

Լու­րը՝ որ գաղտ­նի պա­հուած էր Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քու­թեան կող­մէ ա­ւե­լի քան եր­կու ա­միս, ա­ռա­ջին ան­գամ հրա­տա­րա­կուե­ցաւ ՍԹՎ սա­նուց միու­թեան «Հայ Ե­րու­սա­ղէ­մ» պաշ­տօ­նա­թեր­թին մէջ, թիւ 46, Հոկ­տեմ­բեր 2016, էջ 5:

Լու­րը ստու­գուած էր միա­բան ան­դամ­նե­րէն, Ամ­մա­նի եւ Ե­րու­սա­ղէ­մի պատ­կան մար­մին­նե­րէն:

Ճիշդ է, որ Պա­րէտ Վար­դա­պետ մէկ այլ վար­դա­պե­տի մը հետ ըն­կե­րակ­ցած մեկ­նած էր Ամ­ման, սա­կայն ո՛չ սուրճ խմե­լու իր ե­րե­ւա­կա­յած պա­լա­տին մէջ, այլ նա­մակ մը յանձ­նե­լու: Հե­տաքրք­րա­կա­նը այն է, որ Կրօ­նից հար­ցե­րով զբա­ղող Իշ­խան Ղա­զին ան­գամ՝ չէ ըն­դու­նած ա­նոնց, այլ յանձ­նա­րա­րուած է Պատ­րիար­քու­թեան նա­մա­կը թո­ղուլ քար­տու­ղա­րու­թեան մօտ եւ հե­ռա­նալ:

2.- Ի՛նչ կը վե­րա­բե­րի Պոլ­սոյ վան­քա­պատ­կան կա­լ­ւած­նե­րուն, Պոլ­սոյ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ թերթն է, որ յա­ճախ կ՚անդ­րա­դառ­նայ պատ­րիար­քին եւ կա­լուա­ծոց տես­չին Պո­լիս կա­տա­րած յա­ճա­խա­կի հար­ցա­կան՝ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի բա­ռով «ա­ռեղ­ծուա­ծա­յի­ն» այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն մա­սին, գրե­լով՝ «պատ­րիար­քը ու կա­լուա­ծոց տե­սուչ Տ. Պա­րէտ Ծ. Վրղ. Ե­րէ­ցեան բա­ցար­ձա­կա­պէս թա­փան­ցիկ չեն գոր­ծեր կա­լուած­նե­րու վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րուն շուրջ: Միա­բա­նու­թեան ան­դամ­նե­րը լուրջ ան­հանգս­տու­թիւն կ՚ապ­րի­ն» (տես՝ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ, Յու­լիս 15, 2016):

Պատ­րիար­քու­թիւ­նը եր­բեք չէ հեր­քած ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը:

3.- Իսկ «Կո­վե­րուն պար­տէ­զ­»ի հո­ղա­տա­րած­քին վե­րա­բե­րեալ, ՍԹՎ սա­նուց միու­թիւ­նը իր պաշ­տօ­նա­թերթ «Հայ Ե­րու­սա­ղէ­մ­»ի, թիւ 41 եւ 42 Յու­նիս-Սեպ­տեմ­բեր 2015 թի­ւե­րուն մէջ, ար­ծար­ծած էր այս հար­ցը, որ մու­թին մէջ կա­տա­րուած գոր­ծարք մըն էր կալուա­ծոց տես­չին կող­մէ եւ առ ի հե­տե­ւանք, Յու­նիս ամ­սուան միա­բա­նա­կան ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին, Միա­բա­նու­թիւ­նը դէմ քուէար­կած էր այդ ծրագ­րին:

Տա­րի մը վերջ, Ե­րու­սա­ղէ­մի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը հրա­պա­րա­կեց չորս տար­բեր լե­զու­նե­րով յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, որ աշ­խա­տանք­ներ պի­տի կա­տա­րուին Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նի փո­ղո­ցին մէջ: Այս ծրագ­րին մէջ ար­ձա­նագ­րուած է «Պար­տէ­զի աշ­խա­տանք եւ ծա­ռատն­կու­մ»:

Իսկ Jerusalem Post-ի թղթա­կից Daniel K. Eisunbud Յու­լիս 8, 2016-ի հա­մա­րով կը յստա­կեց­նէր այդ ծրա­գի­րը գրե­լով՝ «The municipality and Jerusalem Development Authority intend to replace the badly pocked pavement with stone, and build a public square for tourists next to an Armenian genocide memorial.» (ընդգծ. մեր կող­մէ): Ի պէտս ան­գի­տաց ը­սենք, որ հա­յոց Ե­ղեռ­նի յու­շար­ձան­նե­րը, բո­լո­րին ծա­նօթ՝ վան­քա­պատ­կան «Կո­վե­րուն պար­տէ­զ­»ին հո­ղա­տա­րած­քին վրայ են:

Իսկ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը չի՛ կրնար ի­րա­գոր­ծել իր ծրա­գի­րը ա­ռանց հա­յոց պատ­րիար­քու­թեան ար­տօ­նու­թեան:

Այս բո­լոր տուեալ­նե­րը ար­ձա­նագ­րուած են «Հայ Ե­րու­սա­ղէ­մ» պաշ­տօ­նա­թեր­թին մէջ, թիւ 46, Հոկ­տեմ­բեր 2016, էջ 3:

Ա­հա­ւա­սիկ ՃՇՄԱՐ­ՏՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ:

Որ­քա՜ն պի­տի ու­զէինք, գէթ՝ ան­գա­մուան մը հա­մար ճիշդ ըլ­լար Պա­րէտ Վար­դա­պե­տի ան­պաշ­տօն յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը:

Ափ­սո՜ս:

Պա­րէտ Վար­դա­պետ ան­ծա­նօթ դէմք մը չէ մեր հա­մայն­քին, յատ­կա­պէս Գա­նա­տա­յի եւ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ա­րե­ւե­լեան եւ Ա­րեւմ­տեան Թե­մե­րու ծու­խե­րուն, ուր­կէ հե­ռա­ցուած է:

Ցա­ւա­լի է, որ հայ մա­մու­լը ա­ռանց կա­տա­րե­լու հարկ ե­ղած ստու­գա­բա­նու­թիւ­նը, տեղ տուած է Պա­րէտ Վրդ. Ե­րէ­ցեա­նի «կտոր մը թուղ­թ­»ի պաշ­տօ­նա­կան ստա­խօ­սու­թեան, մինչ ո՛չ մէկ «Պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­ն» կայ Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քա­րա­նէն:

ՆԱՀԱՊԵՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Դեկտամբեր, 2016

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2016