ՍԵՂԱՆԻ ՎՐԱՅ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ
ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները այսօր ժողով մը կը գումարեն Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ։ Գերմանական նախագահութեան շրջանին կը զուգադիպի ԵԱՀԿ-ի նախարարաց խորհուրդին ժողովը, հետեւաբար տանտէրն է Գերմանիան։ Համպուրկի երկօրեայ հաւաքին ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք միջազգային բեմահարթակին վրայ հրատապ տեղ կը զբաղեցնեն։ ԵԱՀԿ-ի այս հաւաքին առթիւ Համպուրկի մէջ է Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու։ Համպուրկ մեկնած են նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով։ Գագաթաժողովէն առաջ արդէն հաղորդուեցաւ, որ Լեռնային Ղա-րաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումն ալ կը քննարկուի Համպուրկի նիստերուն ժամանակ։ Նոյնիսկ, հաւանական կը նկատուի մասնաւոր հանդիպում մը այս հարցին շուրջ։
Համպուրկի հաւաքին ընդառաջ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա հաստատեց, որ ի թիւս այլ հարցերու անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման։ Ան յիշեցուց, որ հաւաքին ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով։ Ըստ Զախարովայի, Համպուրկի նախարարական հանդիպման ժամանակ կը շօշափուին այն տարածքաշրջանային հակամարտութիւնները, որոնք ԵԱՀԿ-ի պատասխանատուութեան տակ կը գտնուին։ Այս ամբողջին մէջ է, որ պիտի շօշափուին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը, ինչպէս նաեւ Անդրկովկասի անվտանգութեան վերաբերեալ Ժընեւի քննարկումները։
Ծանօթ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացը կը հովանաւորուի ԵԱՀԿ-ի կողմէ։ Գործնական աշխատանքը յառաջ կը տարուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին միջոցաւ, որու համանախագահներն են՝ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսաստան եւ Ֆրանսա։ Համպուրկի հաւաքին ընդառաջ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին շուրջ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խըմ-բակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք, որ մօտաւոր ապագային կը պատրաստուի փոխանցել իր հերթը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ամերիկացի դիւանագէտը յայտնեց, որ բանակցային սեղանին վրայ կան լաւ գաղափարներ եւ առաջարկներ։ «Ես վստահ եմ, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահները հաւատարիմ են հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ կողմերէն որեւէ մէկը չի փափաքիր պատերազմ։ Կայուն խաղաղութեան հասնելու մեր բոլոր ջանքերը ուղղուած են այս իսկ նպատակին», ըսաւ Ուորլիք, որու համոզմամբ բանակցային սեղանի լաւ գաղափարներն ու առաջարկները կրնան լաւ հիմք մը հանդիսանալ համընդհանուր խաղաղութեան համար։ «Նախագահներ Իլհամ Ալիեւ եւ Սերժ Սարգսեան նշած են, որ հաւատարիմ են հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման։ Այս պահուն մենք ամէն ինչէ աւելի կը փափաքինք, որ նախագահները դրսեւորեն քաղաքական կամք եւ ստանձնեն բանակցային գործընթացը զարգացնելու պարտաւորութիւնը», ըսաւ Ուորլիք։ Անդրադառնալով Համպուրկի այսօրուան հանդիպման՝ ան ըսաւ, որ իրենք այդ հաւաքը կ՚ընկալեն որպէս Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութեան շարունակութեան հնարաւորութիւն։
Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ Համպուրկի հանդիպման ընդառաջ արտայայտեց իր յստակ վերաբերմունքը հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի որոնումներուն շուրջ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի բանբերը՝ Վլատիմիր Յակոբեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին յայտարարեց, որ Ատրպէյճանին որեւէ տարածք վերադարձնելու հարցը կրնայ առարկայական ըլլալ միայն Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի որոշման պարագային։ Շեշտը դնելով Արցախի ինքնորոշման վրայ՝ բանբերը աւելցուց, որ Արցախի կղզիացուած վիճակին մասին նոյնիսկ խօսք չի կրնար ըլլալ։ «Հանգուցալուծման առաջարկի ծրարը կ՚ամրագրէ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ցամաքային կապի անհրաժեշտութիւն։ Թէ՛ Հայաստան եւ թէ համանախագահները բազմիցս անդրադարձ կատարած են այս հարցին։ Որեւէ կղզիացեալ կարգավիճակի մասին նոյնիսկ խօսք չի կրնար ըլլալ։ Խօսքը Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը միացնող սոսկ ցամաքային ճանապարհի մը մասին չէ, այլ լայն, անվտանգ եւ անխափան ցամաքային այնպիսի կապի մը մասին է, որ լիարժէք ապահովուած պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուելիք որեւէ ոտնձգութենէ։ Յատկապէս անցեալ Ապրիլի պատերազմէն վերջ, անվտանգութեան գօտի հանդիսացած յարակից տարածքներու ներկայ կարգավիճակը արդարացած է աւելի քան երբեք՝ հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ ուղղուած շարունակական եւ անմիջական սպառնալիքը», ըսաւ Վլատիմիր Յակոբեան։
Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեանն ալ մեկնաբանեց Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնները ու շեշտեց, որ այդ յայտարարութիւնները կ՚ապացուցանեն, թէ ինչու միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հարցման պատասխանելով՝ Քոչարեան մատնանշեց, որ Ալիեւ վերջին յայտարարութիւններուն մէջ նոյնիսկ պահանջներ յառաջ կը քշէ Հայաստանի տարածքին նկատմամբ։ «Ատրպէյճանի անթաքոյց պահանջները Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներուն մասին ակնյայտ ձեւով կ՚ապացուցանեն, թէ ինչու միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, իսկ Ատրպէյճան պէտք է միջազգային պատասխանատուութիւն կրէ ինքնորոշուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծած ռազմական բռնութեան եւ անոր հետեւանքներուն համար», ըսաւ փոխ-նախարար Քոչարեան։ Այսինքն Ալիեւի խօսքերու լոյսին տակ անժխտելիօրէն կը հիմնաւորուի, թէ միջազգային հանրութիւնը ինչու պէտք է ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը։
Հարկ է յիշեցնել, որ վերջին շաբաթներուն հաւանական կը համարուէր Համպուրկի մէջ Նալպանտեանի եւ Մամէտեարովի միջեւ տեսակցութիւն մը։ Հայկական կողմը երբեք վերջնականօրէն չէր խօսած նման վարկածի մը շուրջ։ Իսկ Էլմար Մամէտեարով վերջին օրերուն յայտնած էր, թէ հաւանական է 2+3 ձեւաչափով տեսակցութիւն մը։ Այսինքն, ղարաբաղեան հարցը Համպուրկի մէջ կրնայ քննարկուիլ, Նալպանտեանի, Մամէտեարովի, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ։