ԱՆԶԻՋՈՂ ԵՒ ԱՌԱՒԵԼԱՊԱՇՏ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ Ատրպէյճանի անզիջող եւ առաւելապաշտ դիրքորոշումը լուրջ խոչընդոտ մը դարձած է հաշտութեան գործընթացը յառաջ մղելու տեսակէտէ։ Հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի առաջարկները կը բնորոշեն այն ուղին, որ կրնայ ճանապարհ հարթել կարգավիճակի փոփոխման համար։ «Ատրպէյճան կը մերժէ այդ առաջարկները՝ հնարաւոր ամէն ինչ ընելով կարգավիճակը ամփոփոխ պահելու ուղղութեամբ, միեւնոյն ժամանակ, կը փորձէ ձեւացնել, թէ կողմնակից է կարգավիճակի փոփոխման», ըսաւ Նալպանտեան։

Երէկ, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Կազմակերպութեան անդամ 57 պետութիւններու եւ 11 գործընկեր երկիրներու, նաեւ շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս խորհուրդին ժողովը, որու ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Եդուարդ Նալպանտեան։ Համաժողովի ընթացքին իր ելոյթի հիմնական նիւթը հանդիսացան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ջանքերը եւ Ատրպէյճանի՝ պայմանաւորուածութիւններէ հրաժարելու եւ կարգավիճակի պահպանման միտուած գործողութիւնները։ Նախարար Նալպանտեանի բնորոշումով՝ Ատրպէյճանի մտադրութիւնները երեւելի կը դառնան իր կողմէ իրականացուած ծախսերով։ «Պաքու միլիառներ կը վատնէ աշխարհի մայրաքաղաքներուն մէջ ազդեցութիւն գնելու համար, ինչ որ հերթական անգամ բացայայտուեցաւ տխրահռչակ «լանտրոմատ»ի գործով։ Ան շատ աւելի մեծ գումարներ կը ծախսէ յարձակողական սպառազինման ձեռքբերման նպատակով, սակայն մինչեւ օրս որեւէ ներդրում չէ կատարած սեփական երկրի բնակչութիւնը խաղաղութեան նախապատրաստելու համար. բան մը, որու մասին շարունակ կոչերով հանդէս կու գան համանախագահները», ըսաւ ան։

Վիեննայի հաւաքի ընթացքին Եդուարդ Նալպանտեան անդրադարձաւ օր մը առաջ իր ատրպէյճանցի պաշտօնակցին՝ Էլմար Մամետեարովի հետ ունեցած տեսակցութեան։ «Ատրպէյճանի իմ գործընկերոջ հետ երէկ տեղի ունեցած հանդիպումը ընդհանուր առմամբ դրական մթնոլորտի մէջ էր։ Պիտի տեսնենք, թէ ինչ զարգացումներ պիտի ըլլան ասկէ վերջ», ըսաւ Եդուարդ Նալպանտեան եւ ընդգծեց իր համոզումը, թէ խաղաղ բանակցութիւնները այլընտրանք չունին եւ անհրաժեշտ է անցնիլ խտացեալ բանակցութիւններու համանախագահներու առաջարկներու հիման վրայ։ «Եթէ Պաքու հետեւի համանախագահներու՝ հրադադարի խստօրէն յարգելու կոչերուն, կատարել նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը համանախագահներու կողմէ առաջարկուած հիմնախնդրի կարգաւորման սկզբունքներուն նկատմամբ ու շինիչ ձեւով ներգրաւուի բանակցային գործընթացին, ապա ճանապարհ պիտի հարթէ խաղաղութեան գործընթացը յառաջ մղելու եւ կարգավիճակը փոխելու համար», ըսաւ Եդուարդ Նալպանտեան Վիեննայի մէջ։

ԱՄՆ-Ի, ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ՀԱՄԱՏԵՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Վիեննայի մէջ այսօր կ՚եզրափակուի ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը։ Կազմակերպութեան նախարարներու խորհուրդի 24-րդ նիստի ծիրէն ներս, երէկ, յայտարարութիւն մը կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ։ Այդ յայտարարութիւնը հրապարակեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երեք երկիրներու՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի՝ հաւաքի մասնակից պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն կողմէ։ Այսպէս, ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ ԵԱՀԿ-ի մօտ Ֆրանսայի մշտական ներկայացուցիչ Վերոնիք Ռոժէ-Լաքան ստորագրեցին այս յայտարարութիւնը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները շեշտեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման միջնորդութեան հարցին մէջ ունին միասնական յանձնառութիւն եւ հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի Հելսինքիի եզրափակիչ աքթի առանցքային սկզբունքներուն հիման վրայ, ներառեալ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառում, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութիւն ու ինքնորոշում։ Յայտարարութեան մէջ ըսուած է հետեւեալը.

«Մենք կը վերահաստատենք միասնական յանձնառութիւնը այս հակամարտութեան խաղաղ բանակցային կարգաւորման նկատմամբ՝ որպէս տարածքաշրջանի ժողովուրդները իսկական հաշտութեան բերելու միակ ճանապարհ։ Մենք կ՚ողջունենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու միջեւ բարձր մակարդակի երկխօսութեան վերսկսումը 16 Հոկտեմբերին, Ժընեւի մէջ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ։ Մենք մեր գոհունակութիւնը կ՚արտայայտենք աշխուժացած բանակցութիւններու կապակցութեամբ եւ կողմերուն կոչ կ՚ուղղենք՝ կեդրոնացնել իրենց ջանքերը քաղաքական կարգաւորման բովանդակային հարցերուն փոխզիջումային լուծումներ գտնելու ուղղութեամբ։ Յետագայ դադարները աւելի պիտի բարդացնեն իրավիճակը եւ կրնան հարցականի տակ դնել տեւական համաձայնութեան հասնելու կողմերու յանձնառութիւնը։

«Յղում կատարելով շփման գծին վրայ լարուածութեան թուլացման ուղղեալ յաւելեալ միջոցներ ձեռնարկելու երկու նախագահներու յանձնառութեան՝ կոչ կ՚ուղղենք Պաքուին եւ Երեւանին, որպէսզի ընդունին ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցչի գոյութիւն ունեցող գրասենեակի ընդլայնումը։ 2016-ին Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներու ժամանակ ընդունուած միւս որոշումները եւս պէտք է իրականացուին։ Մենք կ՚ողջունենք այն հանգամանքը, որ կողմերը կը դիտարկեն հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ վստահութեան վերականգնման ուղղեալ համանախագահներու առաջարկները եւ կ՚աջակցինք Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ջանքերուն՝ ուղղուած անյայտ կորսուած անձերու վերաբերեալ տեղեկատուութեան փոխանակման։ Կոչ կ՚ուղղենք կողմերուն, որպէսզի զերծ մնան այս կարեւոր մարդասիրական քայլերու անտեղի քաղաքականացումէն։

«Մեր երկիրները պատրաստ են սերտօրէն աշխատիլ կողմերու հետ՝ տեւական ու խաղաղ կարգաւորման հասնելու ուղղութեամբ։ Մենք յանձնարարած ենք մեր համանախագահներուն շարունակել իրենց միջնորդական ջանքերը՝ յառաջ մղելով կողմերուն ներկայացուած աշխատանքային առաջարկներու փոխզիջումները, սակայն կը շեշտենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջ դնելու առաջնային պատասխանատուութիւնը կը մնայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն վրայ»։

ՇԱՒԱՐՇ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԴՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԵՑ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ԵՒ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան երէկ կարճ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ Վիեննայի մէջ նախընթաց օր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի միջեւ տեղի ունեցած տեսակցութեան շուրջ։ 

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Հայաստանի կառավարութեան նիստէն վերջ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին փոխ-նախարարը յայտնեց, որ կը դժուարանայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացի առընչութեամբ յստակ գնահատական մը տալու։ Արդարեւ, Ատրպէյճան բանակցութիւններու սեղանին շուրջ կու տայ համաձայնութիւն, սակայն յետոյ կը խոչընդոտէ գործընթացը։ «Եթէ Ատրպէյճան իսկապէս կը փափաքի կարգավիճակի փոփոխութիւն, ապա պէտք է այդ գործելաոճը դադրեցնէ», ըսաւ փոխ-նախարարը։

Անդրադառնալով Նալպանտեանի եւ Մամետեարովի միջեւ յաջորդ տարեսկիզբին նախատեսուած նոր հանդիպման եւ ակնկալութիւններուն՝ Շաւարշ Քոչարեան յայտնեց, որ կարելի է բան մը արձանագրել։ Հանդիպումները, որոնք դարձած են յաճախակի, կը համընկնին շփման գծի վրայ լարուածութեան նուազման հանգամանքին հետ։ «Այդ տեսակէտէն հանդիպումները դրական են», ըսաւ Շաւարշ Քոչարեան։

 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2017