ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԱՅԻՆ ՓՈՒԼ

Վաղը, Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենայ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւն։ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները հերթական անգամ կը փութան քուէատուփի մօտ՝ անկիւնադարձային փուլի մը մէջ։ 2018 թուականը Հայաստանի տեսակէտէ եղաւ յատկանշական տարի մը։ Անցեալ գարնան տեղի ունեցած յեղափոխութեան եւ անոր զուգահեռ՝ իշխանափոխութեան մթնոլորտին մէջ երկիրը կը փնտռէ նոր ապագայ մը։ Անկախութեան տարիներուն Հայաստանի օրակարգին վրայ կուտակուած են ծով խնդիրներ, որոնք շատ յաճախ ժողովուրդի համբերութեան բաժակը կը յորդեցնեն։ Այդ երեւոյթի ուրոյն դրսեւորումներէն մին էր անցեալ գարնան տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութիւնը։ Երկրի քաղաքացիներուն համատարած պոռթկումը նոր իրավիճակ մը ստեղծեց եւ այժմ՝ վաղուան խորհրդարանական ընտրութիւններով այդ գործընթացը տրամաբանական աւարտի մը կը հասնի։ Վաղուան ընտրութիւնը Հայաստանի մէջ ծնունդ պիտի տայ քաղաքական նոր հաւասարակշռութիւններու, որոնց լոյսին տակ երկիրը պիտի շարունակէ իր երթը ու պիտի ջանայ դիմադրել կուտակուած ծով խնդիրներուն։

Այժմու բոլոր կանխատեսումները կը միանան այն կէտին վրայ, թէ այս արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ժողովրդական կարեւոր զօրակցութեան արժանանալով դուրս պիտի գայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած քաղաքական շարժումը։ Ընտրութեան նախօրեակին Նիկոլ Փաշինեան երէկ այցելեց Կիւմրի՝ մասնակցելու համար 1988 թուականի մեծ երկրաշարժի 30-րդ տարելիցի արարողութիւններուն։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2018