ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒ ԶՐՈՒՑԵՑԻՆ ՍԵՆ ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին տեղեկացուց, որ նախօրէին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ զրոյց մը ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցութիւն բերած էին Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) գագաթաժողովին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ալիեւի հետ ունեցած զրոյցին կապակցութեամբ Նիկոլ Փաշինեան լրագրողներուն յայտնեց հետեւեալը.

«Զրուցեցինք գերիներու փոխանակման շուրջ։ Համաձայնութեան չենք հասած, բայց քննարկումները կը շարունակուին։ Գիտէք, որ իրենք առաջարկած են բոլորը՝ բոլորի դիմաց սկզբունքը բայց մենք այնտեղ խնդիր ունինք։ Արցախի իշխանութիւններուն հետ ալ պէտք է քննարկենք։ Զրուցեցինք նաեւ բանակցային գործընթացի նախկին դրուագներուն շուրջ եւ այլն»։

Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան գագաթաժողովէն վերջ տեղի ունեցած է ԱՊՀ-ի ձեւաչափով ճաշկերոյթ մը, որու ընթացքին ալ եղած է իր եւ Իլհամ Ալիեւի շփումը։

Հարկ է նշել, որ սա Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ երկրորդ զրոյցն էր։

Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները տեղեկացուցին, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով համաձայնած են յառաջիկայ տարեսկիզբին հանդիպիլ անգամ մը եւս։ Ինչպէս ծանօթ է, երկու նախարարները նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցած էին Միլանոյի մէջ։ Այդ հանդիպումը տեղի ունեցած էր եռանախագահներու միջնորդութեամբ։ Միլանոյի տեսակցութեան կապակցութեամբ համանախագահները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ անոնք յոյս յայտնեցին, թէ մօտաւոր ապագային կրնայ վերսկսիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ յստակ արդիւնքներու միտուած աշխոյժ երկխօսութիւն մը՝ հակամարտութեան արդար եւ կայուն կարգաւորման հասնելու համար։ Մնացականեան եւ Մամէտեարով վերահաստատեցին ապագայ լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ հակամարտութեան կարգաւորման հասնելու նպատակով խտացեալ աշխատանքը շարունակելու պատրաստակամութիւնը։ Ուստի, անոնք կը նախատեսեն անգամ մը եւս հանդիպիլ 2019 թուականի սկիզբին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի նախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ։ Նախարարները բարձր գնահատեցին եռանախագահներու միջնորդական ջանքերը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչի գործունէութիւնը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2018