ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԱԾ

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեան երէկ երեկոյեան ժամերուն տեղեկացուց, որ Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան կալանաւորուած է։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի աշխատակցին հետ զրուցելու ընթացքին Արթուր Վանեցեան ըսաւ. «Հայաստանի Հանրապետութեան վերաքննիչ դատարանի որոշումով՝ երկրորդ նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեան կալանաւորուած է եւ, որքան որ ես տեղեակ եմ, կը գտնուի «Երեւան-Կեդրոն» քրէակատարողական հիմնարկին մէջ։

Ռոպէրթ Քոչարեան նախապէս ալ ձերբակալուած էր՝ 1 մարտ 2008 թուականին Երեւանի մէջ պատահած եւ տասն զոհ խլած արիւնալի դէպքերու բերումով։ Ան աւելի վերջ ազատ արձակուած էր։ Մինչ այդ դէպքերու հարցաքննութիւնը կը շարունակուի, Քոչարեան դարձեալ բանտարկուած է երէկուան դրութեամբ, դատական որոշումով։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2018