ՍԻՒՆԻՔԻ ՀԱՄԱՐ ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՀԱԶԱՆԳ

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հրադադարի համաձայնութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի ապագային վերաբերեալ անհանգստութիւնները օրակարգը կը զբաղեցնեն առաջնահերթօրէն։ Հրադադարի համաձայնութիւնով նախատեսուած է Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատել միջանցք մը։ Սա աշխարհագրականօրէն պիտի անցնի Հայաստանի Սիւնիքի մարզով, որ կը գտնուի երկրի հարաւին, Իրանի հետ սահմանին վրայ։ Արդէն հանրութիւնը տագնապացած ձեւով կը քննարկէ Մեղրիի միջանցքի բացման կամ ձեւաւորման հեռանկարները։ Թէեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն յայտնեց, որ փաստաթուղթին մէջ Մեղրիի անունն իսկ չ՚անցնիր, սակայն, այդ վստահեցումները համոզիչ ըլլալէ հեռու կը մնան՝ մանաւանդ դաշտի վրայ առկայ իրադարձութիւններուն բերումով։

Սիւնիքի մարզի կարեւոր քաղաքներէն Գորիսի համայնքապետ Առուշ Առուշանեան ստեղծուած իրավիճակին մէջ երէկ յայտարարութիւններ ըրաւ «www.tert.am» կայքէջին։ «Բոլորս լաւ տեղեակ ենք՝ Սիւնիքը այսօր ամբողջութեամբ սահմանապահ է, մեր գրեթէ բոլոր գիւղերը այսօր սահման կը պահեն», ըսաւ ան՝ բացատրելով, թէ ներկայիս անվտանգութեան առումով ինչ փոխուած է մարզէն ներս։ Ան աւելցուց.

«Եթէ մենք պիտի երթանք հին, խորհրդային ժամանակի սահմանով, ինչպէս արդէն այս ծրագրին մէջ կ՚ըսուի, ապա Խնձորեսքը 600 մեթր հեռաւորութեան վրայ պիտի ըլլայ թշնամիի դիրքերէն, ունինք տեղեր, որոնք աւելի մօտ են։ Պարզ է, որ վտանգաւոր է բնակիչներուն համար։ Ի հարկէ, վատ է, մեր կեանքն ալ նախկինին նման չէ, չի կրնար ըլլալ նախկինին նման, բայց ունինք, այն ինչ որ ունինք ու պէտք է փորձենք այս իրավիճակը շտկել։ Շտկել ըսելով ես նկատի ունիմ, որ այն ինչ որ մերն էր, պէտք է դարձեալ ըլլայ մերը եւ քանի քմ. որ ետ եկած է սահմանը, այդքան դարձեալ պէտք է առաջ երթալ։ Սա պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր հայու առաքելութիւնը»։

Անդրադառնալով Գորիս հաստատուած արցախահայերու խնդիրներուն՝ Առուշանեան նշեց, որ պատերազմի ժամանակ 10 հազար 500 արցախահայեր գացած են Գորիս, ուր կը բնակին պանդոկներու մէջ կամ ընտանիքներու մօտ։ Այժմ անոնց մէկ մասը վերադարձած է Արցախ, իսկ միւս մասը տակաւին կը մնայ Գորիսի մէջ։ «Մենք՝ որպէս համայնքապետարան, ես՝ որպէս հայ մարդ, պատրաստ եմ անհրաժեշտ բոլոր քայլերու ձեռնարկել անոնց համար։ Արդէն յանձնարարական կայ մեր քաղաքաշինութեան բաժնին եւ տասն օրուայ ժամկէտ տուած եմ՝ Գորիսէ ներս համայնքային սեփականութիւն հանդիսացող քանի մը կիսակառոյց շէնքերէ ներս բնակարաններու վերանորոգման համար, որպէսզի արցախահայերը վերաբնակեցուին այնտեղ։ Սա գուցէ որոշ ժամանակ կը պահանջէ, իսկ մինչ այդ մենք՝ գորիսեցիներս պատրաստակամ ենք աջակցելու անոնց այնպէս, ինչպէս ըրած ենք ցայսօր՝ սնունդի, հագուստի եւ օթեւանի հարցերով։ Ապագային քայլերու կը ձեռնարկենք նաեւ անոնց աշխատանք ապահովելու համար», շարունակեց Առուշանեան։ Բաց աստի ան շեշտեց, որ ամէն ինչ պէտք է ընել, որպէսզի երկրէն չարտագաղթեն բնակիչները այն տարածքներուն, որոնք իրավիճակին պատճառով անցած են Ատրպէյճանին։ «Գորիսի մէջ ալ կու տանք տուներ, թող իմանան, Գորիսի մէջ ալ ունին տուն», յայտնեց Առուշանեան ու շեշտեց, որ գիւղատնտեսութեամբ, երկրագործութեամբ զբաղող բնակչութիւնը անգործ մնացած է։ «Ինչպէս պէտք է ապրի գիւղացին, եթէ անհող մնացած է», աւելցուց ան։

Մանրամասնելով ահազանգային կացութիւնը՝ ան յայտնեց, որ այսօր իսկ մարդիկ ապրելու խնդիր ունին, վայրկեան առաջ հարցերը պէտք է շուտով լուծուին։ «Իսկ ես մինչեւ այս վայրկեանը չեմ տեսած պատասխանը այն հարցին, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ ապագային», եզրափակեց համայնքապետը։

Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Սիւնիքի մարզպետը հրաժարած էր, եւ մարզի բոլոր քաղաքներու քաղաքապետները հանդէս եկած էին յայտարարութեամբ, որպէսզի կառավարութիւնը հրաժարի։ Նոյն ժամանակաշրջանին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նորանշանակ աւագ խորհրդականը՝ Արայիկ Յարութիւնեան այցելած էր Գորիս։ Հայաստանեան լրասփիւռներ հաւանական կը նկատեն, որ զինուորական մը մարզպետ նշանակուի Գորիսի համար՝ առկայ պայմաններուն եւ առաջնահերթութիւններուն բերումով։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2020