ՓՈՒԹԻՆ-ՄԵՐՔԵԼ ԶՐՈՅՑ

Քրեմլինի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել երէկ ունեցած են հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ստեղծուած իրավիճակը։ Երկու ղեկավարները փոխադարձ պատրաստակամութիւն յայտնած են, որպէսզի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս ապագայ համագործակցութիւն ծաւալեն։ Փութին եւ Մերքել մանրամասնօրէն քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։ Ռուս ղեկավարը ներկայացուցած է Երեւանի եւ Պաքուի խնդրանքով տեղակայուած իր երկրի խաղաղապահներու գործունէութիւնը։ Կողմերը շեշտած են նաեւ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով տուժած բնակչութեան կենսական խնդիրներու լուծման կարեւորութիւնը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2020