ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԻՐԱՒՈՐ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՁԵՌՆԱՐԿՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Հայաստանի Պետական բժշկական համալսարանի վերատեսուչ Արմէն Մուրատեան երէկ Փարիզի մէջ ներկայացուց վիրաւոր զինուորներու վերականգնման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները։ Իր հետ էր նաեւ Հայկուհի Մինասեան, որ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ կը գտնուէր Ստեփանակերտի Ծննդատան մէջ՝ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ թիրախաւորման պահուն։ Մուրատեան մասնաւորապէս անդրադարձաւ Զինուորի տան գործունէութեան, որու շնորհիւ արդէն ձեւաւորուած է այն օղակը, որ կարողացած է պատերազմէն վերջ նպաստել վիրաւոր զինուորներու վերականգնման եւ անոնց լիարժէք կեանքի վերադարձին։

Ֆրանսայի ծերակոյտի անդամներու հրաւէրով ու նախաձեռնութեամբ ալ անոնք մասնակցեցան հաւաքոյթի մը, որու ընթացքին նախատեսուած էր քննարկել ֆրանսական կողմի հաւանական աջակցութիւնը Հայաստանին, նաեւ լրատուամիջոցներու եւ քաղաքական գործիչներու ուշադրութիւնը հրաւիրել Հայաստանի յետպատերազմեան շրջանի խնդիրներուն, գերիներու վերադարձի հարցին վրայ։ Փարիզի Հաշմանդամներու տունը եւ Հայաստանի Զինուորի տունը փոխըմբռնման հասան, որպէսզի կազմակերպուին փոխադարձ այցելութիւններ։ Արդարեւ, Փարիզի Հաշմանդամներու տան ղեկավար կազմը տպաւորուած է Երեւանի Զինուորի տուն այցելած՝ ֆրանսացի ծերակուտականներու կողմէ պատմուածներով։

Այս հաւաքոյթներուն ներկայ գտնուեցան ֆրանսական պետական, քաղաքական ու մասնագիտական շրջանակներէ գործիչներ, նաեւ ֆրանսահայ համայնքէն դէմքեր։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2021