ՆՈՒԻՐՈՒՄ ԿԱՄ ՀԱՅ ԵՐԳ

Կան մարդիկ, որոնք ամբողջ կեանք մը տուած են յանուն պայծառ եւ բարի նպատակներու։ Անոնք յաճախ մոռցած են իրենց նեղանձնական խնդիրները եւ իրենց ասպարէզին ընդմէջէն ալ հաստատ քայլեր նետելով ծառայած են այդ նպատակ-գաղափարներուն։

Սփիւռքի մէջ այդ կենցաղը վարողներէն մին կը համարուի արմատներով Սուրիայէն եւ երկար տարիներ առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Հրայր Զաքարեանը։ Ան ճիգ ու եռանդ չէ խնայած պահպանելու ու առաւել եւս տարածելու համար հայերէն երգը։ Ժամանակ մը սեփական ճիգերուն կառչելով հիմնած է ռատիօժամ, որուն ընդմէջէն ալ գրեթէ անհատոյց կերպով Նիւ Ճըրզիի եւ անոր յարակից շրջաններուն մէջ տարածած է հայերէն երգն ու երաժշտութիւնը։ Աւելի վերջ նուիրուած է աշխարհահռչակ երգիչներու երգահանդէսներու կազմակերպման գործին ու սատարած է, որպէսզի այդ երգիչները իրենց երգերն ու ձայնը տարածեն Ամերիկայի ամենատարբեր քաղաքներուն մէջ։ Ներկայիս թէեւ Զաքարեան մշտական եւ մնայուն գործունէութիւն մը չի ծաւալեր, սակայն ինքզինք տրամադրած է նորանուն կամ ծանօթ երգիչներու սկաւառակներու արտադրութեամբ։

Հրայր Զաքարեան վերջերս այցելեց Երեւան, ուր առիթէն օգտուելով իրեն հետ կատարեցինք հարցազրոյց մը, որուն սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

-Վերջերս հրապարակեցիք սկաւառակ մը, որու մէջ տեղ գտած են ձեր մեկնաբանած երգերը։ Ի՞նչ առիթով էր այս նախաձեռնութիւնը։

-Ձայնասկաւառակը՝ «CD»ն պատրաստած եմ Գալիֆորնիոյ մէջ, ուր կ՚երգեմ թէ՛ հայերէն եւ թէ՛ արաբերէն երգեր: Ես երգիչ չեմ, ես կազմակերպիչ ու արտադրող եմ, բայց սիրողական մակարդակի վրայ յաճախ երգած եմ: Ծախսերը ես հոգացի եւ ձրիաբար պիտի նուիրեմ: Դաշնաւորումը կատարեց Խաչիկ Մալխասեան, որ դաշնաւորողն է բոլոր երգերուս: Ես երգած եմ Մըլհէմ Պարաքաթի, Ֆատըլ Շաքէրի, Նանսի Աճրամի նման արաբ երգիչներու երգերէն։ Իսկ հայերէն երգած եմ՝ «Ամպից կորաւ», «Մնացեր եմ հայ», հարսանեկան երգեր։ Մանուէլ Մենեկիճեանէն երգած եմ երկու երգ այն ալպոմէն, որ 1979-ին ես պատրաստած էի իրեն համար՝ ինչպէս «Երազ կեանք» երգը:

-Իսկ ի՞նչ էր բուն նպատակը։

-Նպատակը հայ երգը տարածելն է, որպէսզի մարդիկ հայերէն լսեն։ Ես որեւէ շահ կամ ակնկալութիւն չունիմ, որեւէ մէկ երգիչէ գումար չեմ պահանջեր, ընդհակառակը՝ ես եմ արտադրողը, ես կը ծախսեմ եւ պիտի ծախսեմ երգերուն համար:

-Իսկ ժողովուրդը ինչպէ՞ս կ՚ընկալէ:

-Պէտք է ըսել, որ հազարաւոր մարդիկ կը լսեն ու կը սիրեն թէ՛ իմ եւ թէ՛ իմ հովանաւորած կատարումները: Իսկ մօտ օրէն պիտի թողարկեմ իմ նոր պատրաստած խտասկաւառակը, որու մէջ կատարած եմ արաբերէն երգեր՝ Մըլհէմ Պարաքաթէ, Ֆարիտ ալ Աթրաշէ, Ապըտ ալ Հալիմ Հաֆէզէ, Ալիսսաէ: Երեք ամիս ետք կրկին պիտի գամ Հայաստան, հետս պիտի բերեմ եւ հոս ալ պիտի նուիրեմ բոլորին:

-Ինչպէ՞ս է հիմա երգարուեստի աշխարհը:

-Բաւական լաւ է հիմա: Բայց մեր սուրիահայերն ու լիբանանահայ երգիչները ցաւօք նոր երգեր չեն կրնար պատրաստել: Մինչդեռ Հայաստանի մէջ աղուոր բառերով լաւ երգ գրողներ կան, լաւ երգեր մէջտեղ բերելը գումարի կը կարօտի: Շատեր Փոլ Պաղտատլեանի կամ Ատիս Հարմանտեանի պատրաստ երգերը կը շարունակեն երգել ու ցաւօք որեւէ հայկական պարահանդէսի կամ հարսանիքի ընթացքին միշտ նոյն երգերը կ՚երգուին տակաւին: Իսկ Հայաստան շատ յառաջ գացած է, հայաստանցիներ յաճախ նոր երգեր կը պատրաստեն, պէտք է գումար տրամադրել յաջող երգ ստանալու համար:

-Ժողովուրդը ներկայիս ի՞նչ տրամադրութեան մէջ է:

-Ես ներկայիս ձայնասփիւռներու հետ կապուած եմ: Ձայնասփիւռային կայան մը ունիմ՝ «Radio Hay-Hrair Zakarian» անունով, որ Պէյրութէն կը սփռէ օրական 24 ժամ, ամբողջ շաբթուան եօթ օրուան ընթացքին։ Իմ արտադրութեամբս է, ես կը հոգամ բոլոր ծախսերը: Իսկ հաղորդավարներն են Քեւըն եւ Անի, ունին երկու կայան. մէկը գովազդներով կը գործէ, իսկ միւսը, որ իմս է, միայն երգեր կը սփռէ՝ հայկական, արաբական, յունական, նաեւ իմ երգերս: Որովհետեւ իմ նպատակս ալ այդ է՝ մարդոց երգ ներկայացնելը:

-Ինչպէ՞ս գտաք Հայաստանը այս անգամ։ Մտավախութիւններ ունի՞ք:

-Ես Հայաստանը շատ կը սիրեմ եւ արդէն հինգ տարիէ ի վեր յաճախ կու գամ: Կը նկատեմ, որ հետզհետէ աւելի կը զարգանայ: Մանաւանդ Հայաստանի մէջ ես քաղաքականութեամբ չեմ զբաղիր։ Ամերիկայի մէջ կը զբաղիմ քաղաքականութեամբ, այնտեղ հանրապետական եմ: Այստեղ մարդիկ իրենք ընտրեցին Փաշինեանը եւ յաջորդ օր իրենք սկսան խօսիլ անոր դէմ:

-Ներկայիս ո՞ր երգիչներուն հետ կը գործակցիք:

-Ներկայիս Մաքսիմին երգերը կը պատրաստեմ, նաեւ Արարատ Ահարոնեանի եւ Կարօ Կապուտակեանի: Նաեւ կը գործակցիմ երգչուհի Լարայի հետ, արդէն երեք երգ պատրաստուած է. մէկը՝ Յովիկ Ատուրեանի, միւսը Շանթ Տիշչեքէնեանի, իսկ մեծամասնութիւնը Խաչիկ Մալխասեանին հետ: Մինչ այդ, ծրագիրներ ունիմ նաեւ այլ երգիչներու հետ գործակցելու:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2022