ՍՈՒՐԷՆ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ, ԹՈՅՎՕ ՔԼԱԱՐ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԵՐԵՒԱՆ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ռուսաստան։ Պաշտօնական աղբիւրները որեւէ մանրամասնութիւն չեն հաղորդած այցելութեան օրակարգին շուրջ։

Միւս կողմէ, Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարն ալ այսօր կ՚այցելէ Երեւան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2022