ՇԻԻ ԿՐՕՆԱՒՈՐԻ «ՊԱՏԺՈՒՄ»ԷՆ ԵՏՔ ՌԻԱՏ-ԹԵՀՐԱՆ ԼԱՐՈՒՄԸ ՆՈՐ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՇԵՄԻՆ
2 Յունուարին Սէուտական Արաբիոյ Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը, որ կը յայտնէր ծայրայեղականներու դէմ գործադրուած մահապատիժին մասին, քաղաքական պայթումի մը հետեւանքները ունեցաւ: Քառասունվեց ծայրայեղականներու դէմ եղած պատիժէն անդին շիի կրօնաւոր Շէյխ Նըմըր Պաքէր Ալ Նըմըրին դէմ եղած մահապատիժը, որ անսպասելի էր, լարուածութեան գագաթնակէտին կը հասցնէր իսլամական աշխարհի երկու գլխաւոր համայնքներու առաջնորդ համարուող մայրաքաղաքները՝ Թեհրանն ու Ռիատը:
Միջին Արեւելքի մէջ առկայ տագնապալի իրավիճակին մէջ հիմնարար դեր ունեցող սիւննի Սէուտական Արաբիան եւ շիի Իրանը, վերջին տարիներուն արդէն կ՚ապրէին երեւելի լարուած մթնոլորտ մը, բացի անկէ, որ Ռիատի եւ իր համախոհներուն համար Իրանի ունեցած մօտեցումները դարձած էին անընդունելի:
Սուրիոյ տագնապին սկիզբ առնելէն առաջ իսլամական աշխարհին համար (սիւննի) խորթ էր Նախագահ Պեշար Էսատին կերտած դաշինքը Իրանին հետ: Աւելի ուշ պարզ պիտի դառնար, որ Էսատի մշակած քաղաքականութիւնը տուն կու տար սուրիական տագնապի ուռճացման: Սկիզբը բաւական լուռ երեւցող հակամարտութիւնը օրէ օր աւելի երեւելի կը դառնար եւ Արաբական ծոցի վրայ կարեւոր ազդեցութիւն ունեցող Ռիատ կը փորձէր ոչ միայն ստեղծել իր ազդեցութեան գօտիները, այլ նաեւ ծրագրուած ոճով ատելութիւն կը սերմանէր Թեհրանի դէմ, զայն նկատելով արաբական աշխարհին համար վտանգաւոր տէրութիւն մը:
Իր կարգին Թեհրան, որ մեծ գին վճարելով կը փորձէր հակամարտութեան նոր կարմիր գիծեր գծել, կ՚ամրացնէր իր ներկայութիւնը յատկապէս Սուրիոյ մէջ: Երկու հակամարտող կողմերը տեղ մը կը համաձայնէին, որ Սուրիոյ մէջ ընթացող հակամարտութիւնը ներդաւանական խորք ունեցող տարակարծութիւններուն միակ աւազանն էր:
Վերադառնալով Շէյխ Նըմըր Պաքէր Ալ Նըմըրի մահապատժի ենթարկուելուն՝ նախ պէտք է նշել, որ մեծամասնութեամբ շիիներով բնակեցուած Ալ Քաթիֆ երբեք ալ հաշտ աչքով չէ ընկալուած Ապտըլ Ազիզ իշխող գերդաստանին կողմէ: Մանաւանդ մահապատիժ կրող կրօնական գործիչը, որուն բոլոր պատգամները ծանր մեղադրանքներ էին իշխող ընտանիքի հասցէին: 1959 թուականին Քաթիֆի Ալ Աուամիյյա շրջանը ծնած կրօնաւորը իր ծայրայեղ կեցուածքներուն պատճառով հերթաբար 2006, 2009 եւ 2014 թուականներուն կը բանտարկուէր: Իրանեան Քոմ քաղաքին մէջ իր կրօնական ուսմունքը կատարելագործած Ալ Նըմըր երկար ժամանակ ապրած էր Իրանի մէջ, ու անկէ ետք փոխադրուած՝ Սուրիա ու ապա Սէուտական Արաբիա: Սէուտական տարբեր թերթեր կրօնաւորի մահապատիժի ենթարկուելէն ետք գրած են, որ թագաւորութեան նախկին գահաժառանգ Նայէֆ Ապտըլ Ազիզին (մահացած 2012 թուականին) մահուընէ ետք Նըմըրի անոր դէմ արտասանած խօսքերը պատճառ դարձած են վերջինիս ձերբակալման: Ատկէ ետք տեղի ունեցած դատավարութեան իբրեւ արդիւնք Ալ Նըմըր մահապատիժի կ՚արժանանար: Տեղին է նշել, որ Ռիատի ամենէն վստահելի դաշնակիցը՝ Միացեալ Նահանգներ, ինչպէս նաեւ Մեծն Բրիտանիա եւ Գերմանիա կրօնաւորի մահուան լուրին հրապարակումէն ժամեր անց զգուշացման կոչեր ընելով մտավախութիւն կը յայտնէին, որ տեղի ունեցածը անկանխատեսելի հետեւանքներ ունեցող սիւննի-շիի հակամարտութեան դուռ մը կրնար բանալ: Բացի ատկէ, կարեւոր էր մահապատիժը իրականացնելու թուականը: Մինչ Սուրիոյ ու Եէմէնի մէջ քաղաքական ընդհանուր խմորումներու հանգրուան մը սկիզբ կ՚առնէր, Ռիատ իր խորքային դժգոհութիւնը կը յայտնէր յատկապէս Ռուսաստանի Սուրիոյ մէջ ունեցած դերին առընչութեամբ եւ կը պայթեցնէր այս անսպասելի ռումբը:
Սուրիական գետնի վրայ ռուսական զօրքերուն ընկերակցութեամբ Սուրիոյ բանակին գրանցած յաջողութիւնները անհանգստացուցած էին Ռիատը: Իսկ շիի հուսի զինեալներուն դէմ Եէմէնի տարբեր շրջաններուն մէջ ընթացող մարտերը ոչ միայն անհանգստութիւն, այլ նաեւ յուսաբեկման նշաններ ցոյց կու տային: Երկու պարագաներուն ալ պէտք է արձանագրել ռուսական զէնքի գործօնը, որ բոլոր մակարդակներու վրայ կարեւոր յաջողութիւններու պատճառ կը դառնար: Այս անցումային փուլին էր ուրեմն, որ Ռիատ «հանգիստ խղճով» մահապատիժի կ՚ենթարկէր Նըմըր Ալ Նըմըրը, սպասելով նախ Մոսկուայի ու ապա Թեհրանի հակազդեցութիւններուն:
Ամերիկեան Քարնեկի հիմնարկի Միջին Արեւելքի հարցերու մասնագէտ Ճէյմս Ֆիլիփ իր օրեր առաջ հրապարակած վերլուծականին մէջ կը գրէ, թէ երկու տէրութիւններուն միջեւ 1977 թուականէն ի վեր (Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հիմնադրման թուականը) առկայ տարակարծութիւններու տոմարին մէջ գրանցուող վերջին դէպքերը աննախադէպ են: Վերլուծաբանը նաեւ կարծիք կը յայտնէ, որ մինչ Միացեալ Նահանգներ կը պատրասուի «ամբողջապէս հեռանալ» Միջին Արեւելքէն, անդին սպասելի է, որ շրջանին մէջ գերակայութիւն պահել փորձող երկու կողմերը ըլլան աւելի սթափ եւ հետեւին իրարու քայլերուն: Այսինքն գալիք հանգրուանի նախապատրաստութեան մէջ երկու երկիրները պիտի փորձեն առաւելագոյն չափով գետին շահիլ եւ սեղանի վրայ դնել իրենց կուտակած քարտերը:
Կայ նաեւ այն մօտեցումը, ըստ որուն այս ուժերու լարումը կրնայ ամբողջական հակամարտութեան նոր հանգրուան մը բանալ, տրուած ըլլալով, որ Ռիատ մեծ համբերատարութեամբ հետեւելէ ետք Սուրիոյ եւ Եէմէնի դէպքերուն, կը հատէր ընդգծուած կարմիր գիծը եւ կը բանեցնէր ենթակայական պայթում յառաջացնող ազդու միջոց մը:
Լարուածութեան եւ շրջանին վրայ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունենալ փորձող երկու երկիրներուն համար կայ նաեւ երկրորդ կարեւոր բեմագրութիւն մը, ըստ որուն Ռիատ եւ Թեհրան ինչպէ՛ս մօտիկ անցեալին գործի կրնան լծել իրենց պատերազմական երկրորդ կարգի դարպասները: Այսինքն ճակատումները կրնան ըլլալ երկրորդ մակարդակի ճակատումներ եւ երկիրներէն իւրաքանչիւրը կռիւի կը մղէ իր ազդեցութեան գօտիի յառաջապահ ուժերը: Այս ընդհանուր ծիրին մէջ պէտք է տեղադրել Լիբանանը, որուն կայունութիւնը եւ անվտանգութեան հարցը վերջին հինգ տարիներուն պահպանուած էր վայելելով երկու երկիրներուն նեցուկը:
Լիբանանի սպասուած նախագահի ընտրութեան վերջին նախաձեռնութեան սառեցումը, որուն հեղինակն է Պէյրութի մէջ Ռիատի գլխաւոր դաշնակից՝ Սաատ Հարիրին (Լիբանանի նախկին վարչապետ), կը դրուէր սառնարան ու երկրի լրատուամիջոցներու գլխաւոր առանցքը կը դառնար Ռիատ-Թեհրան բացայայտ լարումն ու Նըր Ալ Նըմըրի սպանութենէն ետք գալիք հանգրուանին վերլուծումը:
Միւս կողմէ լարուածութեան այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ գետնի վրայ երեւելի կերպով յառաջ կը տարուի «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»ի (ԻՇԻՊ) կարեւոր հարուածներ տալու ընդհանուր գործընթացը: Մասնաւորապէս Իրաքի մէջ տեղի ունեցող դէպքերը կը մատնեն այն մասին, որ ի տարբերութիւն երէկուան ԻՇԻՊ-ի, այսօր անցած է պաշտպանողական դիրքերու եւ ծանր կորուստներ կրելէ բացի ընդհանուր յուսալքութիւն մը կայ անոր շարքերուն մէջ:
Մինչ Միացեալ Նահանգներ յառաջիկայ ամիսներուն աւելի պիտի մխրճուի իր նախագահական ընտրութեան մրցավազքին մէջ, անդին Մոսկուա եւ Փարիզ պիտի շարունակեն իրենց հարուածները սաստակցնել ԻՇԻՊ-ի դէմ: «Հատման եւ միացման» գիծ եղող ԻՇԻՊ, այսօր ընդհանուր լարումներու մէջ կարեւոր դեր կը կատարէ: Այն իմաստով, որ թէ՛ Ռիատ եւ թէ Թեհրան համաձայնած են, որ ահաբեկչութեան դէմ տարուող պայքարը անյետաձգելի է:
Այսինքն անոնք կը գիտակցին, որ հակառակ առկայ բոլոր լարումներուն, ԻՇԻՊ-ի դէմ գործակացութիւնը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ զինեալները զինաթափուին կամ կարելի ըլլայ զանոնք պահել «աքցան»ի տակ:
Ճիշդ է, որ վաղ է այս մասին խօսիլը, բայց գետնի վրայ ընթացող ճակատումները արդէն ցոյց կու տան, որ ԻՇԻՊ ինչպէս կը կարծուէր մօտիկ անցեալին, այսօր արդէն անպարտելի ուժ մը չէ:
Թէ ինչքանո՛վ նպատակայարմար է իսլամ ներդաւանական (Նըմըրի սպանութեան մասին է խօսքը) ռումբի պայթումը համատարած դարձնել, տակաւին յստակ չէ, սակայն պարզ է նաեւ, որ սեղանի վրայ չափուող եւ գծուող նոր համաձայնութիւններու ընդհանուր բնութագիրը Ռիատի սրտով չէ:
Այստեղ կարեւոր դեր կրնայ կատարել Մոսկուան, որուն դռները բաց են սիւննի աշխարհի առաջատարին, միայն թէ Ապտըլ Ազիզներու իշխանութեամբ կառավարուող երկիրը համոզուի, որ նոր ձեւաւորուող ընդհանուր դրութեանց մէջ կարեւորագոյն բանալին ո՛չ թէ Միացեալ Նահանգներու մօտ է, այլ՝ «Հիւսիսի ցարին»:
Բացի անկէ, ռուսերը լաւ կը հասկնան, որ շիի-սիւննի հաւանական որեւէ ծանր զարգացում իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ո՛չ միայն Միջին Արեւելքի մէջ, այլ նաեւ՝ երկու տէրութեանց սահմաններէն շատ հեռու, լարուածութիւնը վերածելով արիւնալի եւ փոխվրէժի վրայ հիմնուած երկարատեւ գործողութիւններու:
Աւարտին պէտք է նաեւ հասկնալ, որ Ռիատ մտավախութիւններ ունի կորսնցնելու Սուրիոյ եւ մանաւանդ Եէմէնի խաղաքարտերը ու ատոր իբրեւ հետեւանք քայլ մը յառաջ վազելով կը փորձէ խօսիլ կարմիր քարտերու լեզուով:
Այդ քարտերուն առաջինը՝ Նըմըր Ալ Նըմըրի սպանութեան խաղաքարտն է ու շատ հաւանական է, որ Ռիատի յառաջիկայ նախայարձակ հարուածները կրնան լսուիլ այլ վայրերէ:
Եթէ համաձայնութիւններու ընդհանուր հասկացողութիւնները բացակային՝ սպասելի է նաեւ, որ լարուածութեան ազդեցութեան գօտիները աւելիով աճին յատկապէս Պէյրութի մէջ, որուն քաղաքական ընդհանուր շաղուածքը նոր պայթումներ «ընդունելու» բոլոր հիմնական տարրերը ունի:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան