ՊԱՇԻՔԱՅԻ ՌԱԶՄԱԽԱՐԻՍԽԻՆ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ
Հիւսիսային Իրաքի մէջ, Մուսուլի մերձակայքին հաստատուած Պաշիքայի թրքական ռազմախարիսխը երէկ ենթարկուեցաւ ահաբեկչական յարձակման։ Ծանօթ է, որ այդ խարիսխին մօտ թուրք զինուորները կը մարզեն Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ենթակայ զօրքերը։ Երէկ այդ խարիսխը ենթարկուեցաւ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման յարձակման, ինչ որ լայն արձագանգ ստեղծեց հանրային կարծիքին մօտ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ այս նիւթին շուրջ։ Ան ըսաւ, թէ դէպքին ընթացքին չէզոքացուած է ԻՇԻՊ-ի տասնութ անդամ։ Բարեբախտաբար թուրք զինուորներէն վիրաւորեալներ չեն եղած։ Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ Էրտողան այս դէպքը մեկնաբանեց Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ծագած լարուածութեան համայնապատկերին վրայ։