ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան շա­բա­թա­վեր­ջին հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ան­թո­նիօ Կու­թե­րե­շի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Կիպ­րո­սի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին շուրջ կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ կա­տա­րուե­ցան զրոյ­ցի ըն­թաց­քին։ Բաց աս­տի, անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Սու­րիոյ վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Ըստ Էր­տո­ղա­նի, Թուր­քիա կողմ­նա­կից է Կիպ­րո­սի պա­րա­գա­յին ա­պա­հո­վել ար­դար, մշտա­կան ու հա­մա­պար­փակ լու­ծում մը, որ պի­տի գո­հաց­նէ եր­կու հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րը։ Զրու­ցա­կից­նե­րը հա­մա­կար­ծիք գտնուե­ցան, որ յա­ռա­ջի­կա­յին Ժը­նե­ւի մէջ նա­խա­տե­սուած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը կրնան կա­րե­ւոր հնա­րա­ւո­րու­թեան մը վե­րա­ծուիլ այս հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման տե­սա­կէ­տէ։

Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Կու­թե­րեշ գնա­հա­տեց նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նի դե­րա­կա­տար­նե­րուն հետ վեր­ջին շրջա­նին Թուր­քիոյ կող­մէ գոր­ծադ­րուած ջան­քե­րը՝ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին լու­ծում մը ա­պա­հո­վե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Ան ընդգ­ծեց նաեւ գաղ­թա­կան­նե­րու ի նպաստ Թուր­քիոյ կող­մէ ցու­ցա­բե­րուած օ­ժան­դա­կու­թեան նշա­նա­կու­թիւ­նը։

Հարկ է նշել, որ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու վեր­ջին օ­րե­րուն Նիւ Եոր­քի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցած էր Ան­թո­նիօ Կու­թե­րե­շի հետ։ Էր­տո­ղա­նի եւ ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րին հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցը յա­ջոր­դեց այդ հան­դիպ­ման։

Միւս կող­մէ, Էր­տո­ղան շա­բա­թա­վեր­ջին խօ­սե­ցաւ նաեւ Թուր­քիոյ անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րուն եւ տա­րած­քաշր­ջա­նի հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Ըստ ի­րեն, ա­նոնք, ո­րոնք չեն կրնար Թուր­քիոյ դէմ հան­դէս գալ՝ կը հա­շուար­կեն ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցաւ ցաւ պատ­ճա­ռել։ Իր խօս­քե­րով, Թուր­քիա պի­տի շա­րու­նա­կէ ճա­նա­պար­հը ու վճռած է սպառ­նա­լիք­նե­րը չէ­զո­քաց­նել ի­րենց սկզբնա­կէ­տին վրայ։ «Պահ մը իսկ չմոռ­նանք, որ Թուր­քիոյ անվ­տան­գու­թիւ­նը կը սկսի ոչ թէ Կա­զիան­թէ­պէն՝ այլ Հա­լէ­պէն, ոչ թէ Հա­թա­յէն՝ այլ Իտ­լի­պէն, ոչ թէ Մեր­սի­նէն՝ այլ Կիպ­րո­սէն, ոչ թէ Կար­սէն՝ այլ Նա­խի­ջե­ւա­նէն, ոչ թէ Ար­դուի­նէն՝ այլ Պա­թու­մէն, ոչ թէ Թրա­կիա­յէն՝ այլ Պալ­քան­նե­րէն։ Սա պէտք է գիտ­նանք այս­պէս», ը­սաւ ան։

Երկուշաբթի, Յունուար 9, 2017