ՇԻՆԻՉ ՄԹՆՈԼՈՐՏ
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ շաբաթավերջին այցելեց Իրաք։ Կարեւոր ուղեւորութիւն մըն էր այս մէկը, որովհետեւ տարածքաշրջանի հրատապ իրադարձութիւններուն բերումով Պաղտատի եւ Անգարայի ղեկավարութիւններուն միջեւ վերջին շրջաններուն յառաջացան լարուածութիւններ։ Պինալի Եըլտըրըմ Իրաքի մէջ շփումներ ունեցաւ, իր հետ ունենալով հինգ նախարարներ։ Առաջին հերթին ան այցելեց Պաղտատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Իրաքի Վարչապետ Հայտար Էլ Իպատիի հետ։ Պաղտատի շփումներէն վերջ Պինալի Եըլտըրըմի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը անցաւ Հիւսիսային Իրաք։ Էրպիլի մէջ ան հանդիպումներ ունեցաւ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանիի եւ Վարչապետ Նեչիրվան Պարզանիի հետ։
Պաղտատի մէջ Պինալի Եըլտըրըմ եւ Հայտար Էլ Իպատի գլխաւորեցին Թուրքիա-Իրաք բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի ժողովը, որու աւարտին հանդէս եկան համատեղ մամլոյ ասուլիսով։ Եըլտըրըմ այս առթիւ շեշտեց, թէ Իրաք Թուրքիոյ հարեւանն ու եղբայրն է։ Ան ուշադրութիւն հրաւիրեց երկու երկիրներուն կողմէ ահաբեկչութեան դէմ ձեռնարկուած պայքարին վրայ։ Վարչապետը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Իրաքի կողմէ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ գործողութիւններուն մէջ արձանագրուած յաջողութիւններուն շուրջ։ Եըլտըրըմ յիշեցուց, որ Թուրքիան ալ կը շարունակէ բուռն պայքար մղել ԻՇԻՊ-ի դէմ։ Սուրիայէ ներս առկայ իշխանութեան պարապութեան հետեւանքով ծնունդ առաւ ԻՇԻՊ-ի ահաբեկչութիւնը եւ անոր դէմ պայքարի ձեռնարկելով Թուրքիա հասաւ կարեւոր արդիւնքներու։ Միեւնոյն ժամանակ ՓՔՔ-ի ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ կարեւոր արդիւնքներու հասած է Թուրքիա։ Եըլտըրըմի խօսքերով, Իրաքի ղեկավարութիւնը վերջին շրջանին յայտարարեց, որ թոյլ պիտի չտայ, թէ ՓՔՔ Իրաքի տարածքի վրայով վնաս հասցնէ Թուրքիոյ։ Այս յայտարարութիւնը մեծ գոհունակութիւն պատճառած է թրքական կողմին։ Պաղտատի մէջ Եըլտըրըմ ընդգծեց, որ Թուրքիան ալ մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ։ Անգարա պիտի չյօժարի որեւէ նախաձեռնութեան, որ կրնայ վնաս հասցնել Իրաքի գերիշխանութեան։
Պինալի Եըլտըրըմ տեղեկացուց, որ բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է Պաշիքայի ռազմախարիսխի խնդիրը։ Ըստ իրեն սա քմահաճոյքի մը արդիւնքը չէ, այլ կը դիմագրաւէ կարիք մը։ «Ներկայիս ականատես կ՚ըլլանք, որ տարածքաշրջանը կը մաքրագործուի ԻՇԻՊ-էն։ Համապատասխանաբար այս նիւթին շուրջ ալ ձեւով մը պիտի հասնինք բարեկամական լուծումի մը», ըսաւ վարչապետը եւ աւելցուց, որ Էլ Իպատիի հետ համապարփակ ձեւով քննարկած են Պաշիքայի նիւթը։
Պինալի Եըլտըրըմ շեշտեց, որ Սինճարի շրջանի ահաբեկչութենէ մաքրագործումն ալ մեծ նշանակութիւն ունի Թուրքիոյ տեսակէտէ։
Եըլտըրըմ Պաղտատի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Իրաքի Նախագահ Ֆուատ Մասունի եւ Ներկայացուցիչներու ժողովի նախագահ Սելիմ Էլ Ճուպուրիի հետ։
Իր կարգին, Էլ Իպատի յայտնեց, որ Մուսուլի ազատագրումէն վերջ Թուրքիոյ հետ նաւթամուղ խողովակաշար մը պիտի հաստատեն եւ այդ մէկը խարսխուած պիտի ըլլայ երկու երկիրներու միջեւ համաձայնագրերու վրայ։ Պաշիքայի ճամբարին վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով Էլ Իպատի ըսաւ. «Մեր ստորագրած եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ Պաշիքայի նիւթին շուրջ պահանջեցինք, որ թուրք զինուորները ետ քաշուին մեր տարածքէն։ Թրքական կողմը ընդգծեց, որ յարգանք պիտի ցուցաբերէ Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան նկատմամբ»։ Ան աւելցուց, որ Մուսուլ ամենակարճ ժամանակի ընթացքին պիտի մաքրագործուի ԻՇԻՊ-էն։
Միւս կողմէ, Եըլտըրըմի շփումներու շաբաթավերջին Իրաքի զօրքերը Մուսուլի գործողութեան ծիրէն ներս առաջին անգամ դուրս եկան Տիգրիսի ափը։