ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍՊԱՍՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթըն երէկ այցելեց Անգարա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի բանբեր Իպրահիմ Քալընի հետ։ Պոլթըն Անգարա գալէ առաջ այցելած էր Իսրայէլ։ Այս այցելութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր, որովհետեւ յաջորդեց ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութեան, ըստ որոնց ամերիկեան զօրքերը դուրս պիտի բերուին Սուրիայէն։ Թրամփի այդ յայտարարութենէն վերջ Ուաշինկթընի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերէն հնչեցին շարք մը յայտարարութիւններ, ըստ որոնց Թուրքիա կը թիրախաւորէ Սուրիոյ քիւրտերը, հետեւաբար ամերիկեան զօրքերը այդ երկրէն պիտի հեռանան երաշխիքներ ունենալէ վերջ։ Նոյն առթիւ նշուեցաւ նաեւ, որ ԱՄՆ պիտի շարունակէ համագործակցիլ ՓՔՔ-ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի հետ։ Պոլթընն ալ նշեց, որ ԱՄՆ-ի Սուրիայէն դուրս գալը պայմանական է։ Այս բոլորը պատճառ դարձան Անգարայի հակազդեցութեան։ Պոլթընի այցելութենէն անմիջապէս առաջ Իպրահիմ Քալըն հերքեց այդ բոլոր պնդումները։ Ան ըսաւ, թէ ահաբեկիչները չեն կրնար ներկայացնել Սուրիոյ քիւրտերը։ Ուստի, Թուրքիոյ կողմէ քիւրտերու թիրախաւորման վերաբերեալ պնդումները տրամաբանութեան հետ կապ չունին։

Ճոն Պոլթընի Անգարա այցելութիւնը սկսաւ այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան չտեսակցեցաւ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարին հետ։ Պոլթընի այցելութեան օրը Էրտողան յիշեցուց անցեալ 14 դեկտեմբերին Թրամփի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցը։ Ըստ Էրտողանի, ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւն) դէմ Թուրքիա բոլոր նախաձեռնութիւնները ստանձնելու խոստում տուած է։ «Մենք Թրամփի հետ յըս-տակ համաձայնութեան մը հասած էինք, սակայն վարչախումբի զանազան դէմքերէն տարբեր ձայներ հնչել սկսած են», ըսաւ Էրտողան։ Ճոն Պոլթընի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ Անգարայի մէջ մանրամասն տեղեկութիւններ ստացաւ ՓՔՔ-ՓԵՏ ահաբեկչական կազմակերպութեան գործունէութեան եւ Թուրքիոյ կողմէ տարածքաշրջանի քիւրտ ժողովուրդին նկատմամբ ցուցա-բերուած վերաբերմունքին կապակցութեամբ։

Անգարայի բանակցութիւններուն ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ ամերիկեան զօրքերու Սուրիայէ դուրսբերման վերաբերեալ ժամանակացոյցն ու յաջորդելիք ճանապարհային քարտէսը։ Ներկայիս ամերիկեան կողմը չունի Սուրիան լքելու վերաբերեալ յստակ ժամանակացոյց մը եւ ճանապարհային քարտէս մը։ Սա կ՚ենթադրէ շուրջ չորս-հինգ ամսուան գործընթաց մը։

Ամերիկեան կողմը ներկայիս ուշադրութեամբ կը հետեւի նաեւ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի համագործակցութեան։ Պոլթըն հետաքրքրուած է մօտաւոր ապագային Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Փութինի միջեւ նախատեսուած հանդիպումով։ Ուաշինկթըն այժմ չի նախատեսեր ահաբեկչական կազմակերպութեան տրուած զէնքերն ու զինամթերքը ետ առնել։ Թուրքիա կը պահանջէ, որ ԱՄՆ Սուրիոյ իր ռազմախարիսխները կա՛մ իրեն յանձնէ եւ կամ փլցնէ։ Թուրքիոյ այս մօտեցումն ալ ԱՄՆ-ի հաւանութեան չէ արժանացած եւ Պոլթընի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը յայտնած է, որ այս նիւթը պիտի քննարկուի։

Իպրահիմ Քալընի եւ Ճոն Պոլթընի հանդիպումը տեւեց 2 ժամ  10 վայրկեան։ Մինչ այդ, ամերիկեան հիւր պատուիրակութեան մասնակիցներէն ԱՄՆ-ի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտն ալ ընդունուեցաւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի կողմէ։ Այս հանդիպման ընթացքին ալ թրքական կողմը ընդգծեց ԵՓԿ-ի ժամ առաջ տարածքաշրջանէ դուրս գալու պահանջը։

Այս բոլորը կը պատահի նաեւ Թուրքիոյ կողմէ Եփրատի արեւելքին նախատեսուած գործողութիւններու սպասման մթնոլորտին մէջ։ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ վերջին շփումները որոշ չափով սպասողական մթնոլորտ մը ստեղծած էին Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ կրկնեց, որ Թուրքիա շուտով շարժման պիտի անցնի։ Իսկ քաղաքական մեկնաբանները կը մատնանշեն, որ Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւնները հերթական անգամ լարուածութեան փորձաքարի առջեւ կը գտնուին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 9, 2019