ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան երէկ շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ, ուր այսօր ալ կը շարունակէ իր շփումները։ Զեքիեան Գերապայծառ Ներքին գործոց նախարարութենէն ներս կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ՝ զանազան մակարդակներու վրայ։ Փոխ-նախարար Մուհթերէմ Ինճէի եւ Քաղաքներու վարչութեան ընդհանուր տնօրէն Ալի Չելիքի հետ խորհրդակցութիւններ ունենալու առընթեր ան ընդունուեցաւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի կողմէ։ Զեքիեան Գերապայծառին ընկերացան Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու պատասխանատու Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր եւ իրաւաբան Էօմէր Քանթիք։

Օրուան տեւողութեան Զեքիեան Գերապայծառ եւ ընկերակիցները տեսակցեցան նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնի նորանշանակ պաշտօնակատար Պուրհան Էրսոյի, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարի՝ վաքըֆներու գծով տեղակալ Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճանի եւ Ընտանիքի եւ ընկերային քաղաքականութիւններու նորանշանակ փոխ-նախարար Ատնան Էրթէմի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, այս վերջինը երկար տարիներէ ի վեր վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը կը վարէր եւ բոլորովին վերջերս նշանակուած է փոխ-նախարար։

Զեքիեան Գերապայծառ այս շփումներէն վերջ գիշերեց մայրաքաղաքին մէջ, ուր այսօր կը շարունակէ իր հանդիպումներու ծրագիրը։ Այսպէս, ան կը տեսակցի Թուրքիոյ Կրօնից տեսուչ Ալի Էրպաշի հետ։ Նախատեսուած է նաեւ իր տեսակցութիւնը Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփի հետ։ Բայց եւ այնպէս, խորհրդարանի նախագահին հետ տեսակցութիւնը կա՛մ այսօր տեղի կ՚ունենայ Անգարայի մէջ եւ կամ այս օրերուն Իսթանպուլի մէջ։ Զեքիեան Գերապայծառ եւ ընկերակիցները այսօր երեկոյեան կը վերադառնան քաղաքս։

Կաթողիկէ հայոց Արքեպիսկոպոսարանի աղբիւրները մանրամասնութիւններ չհաղորդեցին հանդիպումներու ընթացքին ծաւալուած քննարկումներու օրակարգային բովանդակութիւններուն շուրջ։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, տարեմուտի շրջանին Զեքիեան Գերապայծառ փափաքած է ունենալ նման տեսակցութիւններ՝ յղելու համար բարեմաղթութիւններ եւ թարմացնելու համար յարաբերութիւնները։ Ան մասնաւորապէս փափաքած է շնորհաւորել նորանշանակ պաշտօնատարները։

Հինգշաբթի, Յունուար 9, 2020