ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԵՐԿՈՒ ՆՈՐ ԹՌԻՉՔ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻ

Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ կը հաստատուին նոր թռիչքներ։ «Ryanair» ընկերութեան կողմէ պիտի իրականացուին այս նոր թռիչքները բաւական մատչելի գիներով։ Երեւան-Թեսաղոնիկէ եւ Կիւմրի-Աթէնք ուղղութիւններով պիտի կատարուին այս նոր թռիչքները, որոնց շնորհիւ Հայաստանէն դէպի Յունաստան թռչիլ կարելի պիտի ըլլայ՝ շուրջ 30 եւորոյէ սկսող տոմսակներու սակագինով։

Այս տարուան մայիսէն սկսեալ շաբաթը երկու անգամ պիտի իրականացուին վերոյիշեալ երկու ուղղութիւններով թռիչքները։ «Ryanair» ընկերութիւնը ուրախութիւն յայտնած է, որ Կիւմրի-Աթէնք եւ Երեւան-Թեսաղոնիկէ այս նոր թռիչքներու հաստատումով կը նպաստէ Եւրոմիութեան եւ Հայաստանի միջեւ ուղղակի կապերու զարգացման։

Ընկերութեան վաճառք-ներու տնօրէն Տէյվիտ Օ՚Պրայան այս կապակցութեամբ հանդէս եկած է յայտարարութիւններով։ Ըստ իրեն, Հայաստանի կառավարութեան կողմէ հարկերէ զերծ պահուիլը հնարաւորութիւն ընձեռած է տարուան մը մէջ վեց ուղղութեան փոխարէն ունենալ տասնվեց ուղղութիւն, որ Հայաստանը կը կապէ Եւրոմիութեան։ «Հայ գնորդներն ու այցելուները կրնան իրենց տեղերը վերապահել ամենէն ցած գիներով, բնապահպանութեան առումով ամենէն մաքուր, ամենէն կանաչ եւրոպական օդային ընկերութեան օդանաւներուն մէջ», ըսած է Օ՚Պրայան։

Հարկ է նշել, որ Հայաստան տարիներէ ի վեր չունի իր ազգային օդային ընկերութիւնը։

Հինգշաբթի, Յունուար 9, 2020