ՆԱԽԱԳԱՀ ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓ ՄԵՂՄ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑ ԻՐԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՀՐԹԻՌԱԿՈԾՄԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ առկայ լարուածութիւնը կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի բարձրաստիճան հրամանատարներէն Քասըմ Սիւլէյմանիի սպանութեան զուգահեռ՝ Թեհրան պալիսթիք հրթիռներով թիրախաւորած էր Իրաքի ամերիկեան ռազմախարիսխները։ Այս դէպքէն վերջ ուշադրութեամբ կը սպասուէր Ուաշինկթընի արձագանգին։ Երէկ, ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ առաջին անգամ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ հրթիռակոծման դէպքէն վերջ։ Ան որոշ չափով մթնոլորտը մեղմացուց իր յայտարարութիւններով։ Արդարեւ, Թրամփ ընդգծեց, որ յարձակումներուն հետեւանքով որեւէ ամերիկացի չէր տուժած։ Իր խօսքով, Իրանի դէմ պատժամիջոցները պիտի շարունակուին՝ մինչեւ որ այդ երկիրը փոփոխութեան ենթարկէ իր դիրքորոշումը ու մէկ կողմ լքէ հիւլէական յաւակնութիւնները։ Թրամփ պնդեց, որ Իրան աշխարհի վրայ ահաբեկչութեան հովանաւոր մըն է ու պէտք է դադրի այդ գործելաոճէն։ Ան կոչ ուղղեց նաեւ միջազգային դերակատարներուն եւ ըսաւ. «Միասնաբար պէտք է աշխատինք եւ նոր համաձայնութեան մը պէտք է հասնինք Իրանի հետ։ Աշխարհ պէտք է ըլլայ աւելի խաղաղ վայր մը։ Մենք պատրաստ ենք աշխատելու բոլոր անոնց հետ, որոնք կը ձգտին խաղաղութեան»։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Թրամփ ընդգծեց, որ ամերիկեան բանակը հզօր է աւելի քան երբեք։ Այժմ ԱՄՆ կը գտնուի տնտեսական եւ ռազմական տեսակէտէ հզօրութեան գագաթնակէտին վրայ։ Ան խօսեցաւ նաեւ անցեալ տարի ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ պայքարի մէջ արձանագրուած յաջողութիւններուն մասին։ Թրամփի երէկուան ելոյթի հետաքրքրական երեսակներէն մին ալ այն էր, որ ան ԻՇԻՊ-ը թուարկեց նաեւ Իրանի թշնամիներու շարքին։ Ամերիկացի ղեկավարը միեւնոյն ժամանակ անդրադարձաւ Իրանի մէջ մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցած ցոյցերուն։

Հինգշաբթի, Յունուար 9, 2020