ՎԻԹԽԱՐԻ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄ

Երէկ, Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ «Թրքական հոսք» կազամուղ խողովակաշարի պաշտօնական բացման պատմական հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Սա իսկապէս վիթխարի ձեռքբերում մըն է, որով Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի արդիւնաւէտ համագործակցութեան շնորհիւ կու գայ նոր տեսք մը ստանալ համաշխարհային ուժանիւթի քարտէսը։ Սեւ ծովու յատակով կառուցուած երկու զուգահեռ կազամուղ խողովակաշարներու մասին է խօսքը։ Ռուսաստանի Անափա քաղաքէն խողովակաշարը կը հասնի Քըյըգիւղ։ Այդ զուգահեռ խողովակաշարներէն մէկով փոխադրուած կազը կը դիմագրաւէ Թուրքիոյ ներքին կարիքներուն պատկառելի տոկոսը։ Իսկ միւս խողովակաշարով ռուսական բնական կազը կը տարանցուի դէպի Եւրոպա։ 31.5 խորանարդ մեթր ընդհանուր տարողութիւն մը ունի «Թրքական հոսք»ը, որու ծովու յատակէն անցած բաժնին երկարութիւնը կը կազմէ 930 քիլօմեթր։

Թրքական հոսքի պաշտօնական բացման արարողութեան ընթացքին Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ եւ Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյքօ Պորիսով միասնաբար բացին խորհրդանշական ծորակը։ Այսպէսով 1 դեկտեմբեր 2014 թուականին առաջին անգամ օրակարգի վրայ եկած ծրագիրը պաշտօնապէս կեանքի կոչուեցաւ։ «Թրքական հոսք»ը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Թուրքիան միջազգային ուժանիւթի հանգոյց մը դարձնելու տեսակէտէ։ Արդարեւ, մէկ կողմէ երկիրը կը դիմագրաւէ իր կարիքները, իսկ միւս կողմէ՝ ուժանիւթի միջազգային անվտանգութեան տեսակէտէ կը դառնայ լուրջ դերակատար մը։

Երէկուան արարողութեան ընթացքին Էրտողան շեշտեց, որ OECD-ի երկիրներու շարքին Թուրքիա մեծագոյն տասներորդ ուժանիւթի երկիրն է։ Իր կարգին, Փութինն ալ ընդգծեց, որ այս խողովակաշարը Անգարայի եւ Մոսկուայի ռազմավարական գործընկերութեան շօշափելի օրինակը կը հանդիսանայ։

Հինգշաբթի, Յունուար 9, 2020