ՓԱՐԱՃԱՆՈՎԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Այսօր շարժանկարի անմոռանալի վարպետ Սերկէյ Փարաճանովի ծննդեան տարեդարձն է։ Եթէ ան ապրէր պիտի դառնար 96 տարեկան։

Սերկէյ Փարաճանովի տարեդարձի օրը արտասովոր մթնոլորտ կը տիրէ Երեւանի իր անունին ձօնուած տուն-թանգարանէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այսօր թանգարանէն ներս կը ցուցադրուի Փարաճանովի «Նռան գոյնը» ժապաւէնի վերականգնուած տարբերակը։ Կը ներկայացուի նաեւ իրեն ձօնուած փաստավաւերագրական ժապաւէն մը։ Սովորաբար, այս տուն-թանգարանը այցելուներու պակաս չունի։ Անտեղ կ՚այցելեն արուեստասէրներ, որոնք կը փափաքին ծանօթանալ անոր ժառանգութեան։

Մինչ այդ, տարեդարձի օրը տուն-թանգարանի աշխատակիցները կ՚այցելեն նաեւ Սերկէյ Փարաճանովի շիրիմը։

Հինգշաբթի, Յունուար 9, 2020