ԱՄԻՍ ՄԸ ՕՂԱԿԻ ՄԷՋ

Արցախը արդէն շուրջ ամիսէ մը ի վեր պաշարման մէջ է։ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին ու աշխարհին հետ կապող Լաչինի միջանցքը կը շարունակէ փակ մնալ։ Ատրպէյճան շուրջ ամիսէ մը ի վեր շրջափակման մէջ կը պահէ Արցախը, ուր մարդասիրական իրավիճակը հետզհետէ աւելի հրատապ բնոյթ կը ստանայ։

Միջազգային բեմահարթակի վրայ այս խնդիրը տակաւ ուշադրութեան կ՚արժանանայ։ Համաշխարհային զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ պարբերաբար կ՚անդրադառնան Արցախի պարագային ստեղծուած իրավիճակին։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան «Արմէնփրէս» գործակալութեան յայտարարեց, որ Երեւանի ղեկավարութիւնը մշտապէս կապի մէջ է միջազգային զանազան կառոյցներու հետ՝ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ստեղծուած մարդասիրական տագնապի հետեւանքով յառաջացած խնդիրներու հասցէագրման  համար։ «Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման առաջին իսկ օրէն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ համապատասխան պետական մարմինները մշտապէս կապի մէջ են միջազգային զանազան կառոյցներու հետ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական տագնապի հետեւանքով յառաջացած խնդիրներու հասցէագրման համար», ըսաւ բանբերը։

Մինչ այդ, վերջին օրերուն հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կառավարիչ Սեմենթա Փաուէրի միջեւ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին նախարարը շեշտեց, որ դեկտեմբերի 12-էն ի վեր Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը՝ Լաչինի միջանցքը փակ կը պահուի եւ այս հանգամանքին հետեւանքով կ՚ահագնանայ մարդասիրական իրավիճակը։

Բացի այս հեռախօսազրոյցէն, Լաչինի միջանցքի փակման հարցին անդրադարձաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի մօտ ԱՄՆ-ի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Մայքըլ Քարփենթըր։ Ընկերային ցանցերու վրայ ան հանդէս եկաւ գրառումով մը, որու մէջ նշեց. «Մենք շնորհակալ ենք Կարմիր խաչին, այս ընթացքին ցուցաբերուած նուրբ աջակցութեան համար, սակայն Ատրպէյճանին եւ Ռուսաստանին կը յորդորենք՝ անյապաղ վերականգնել միջանցքի հասանելիութիւնը»։

Ինչպէս ծանօթ է, Մոսկուայի ղեկավարութիւնն ալ վերջին շրջանին զանազան առիթներով կը տեղեկացնէ, որ Լաչինի միջանցքի վերաբացումը ապահովելու նպատակով անընդհատ ջանքեր կը գործադրէ եւ կը վարէ բանակցութիւններ։

Արցախի պաշարման կապակցութեամբ լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ «HALO Trust» բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը։ Հարկ է նշել, որ այս կազմակերպութիւնը Արցախէ ներս մարդասիրական առաքելութիւն կ՚իրականացնէ։ «Արգելափակման գրեթէ մէկ ամսուան ընթացքին մենք ուշադիր կը հետեւինք մարդասիրական առումով յառաջացած հետեւանքներուն։ «HALO»ն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ունի շուրջ 100 տեղացի աշխատակից եւ մենք կը հետեւինք սնունդի եւ այլ պարագաներու հասանելիութեան անոնց եւ անոնց համայնքներուն համար», տեղեկացուած է կազմակերպութեան կողմէ։ Բաց աստի, կառոյցը յոյս յայտնած է իրավիճակի արագ հանգուցալուծման համար, նաեւ ընդգծելով օգնութեան համար պատրաստակամութիւնը։

Մինչ պաշարեալ Արցախի տեսակէտէ մտահոգութիւնները կը խորանան, ըստ Ստեփանակերտէն հասած լուրերուն, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այսօրուան դրութեամբ սնունդի բաժանման համար կտրօններ կը ներդրուին։ «Մենք բոլորս նոյն նաւուն մէջ ենք», շաբաթավերջին յայտնեց Արցախի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան եւ բոլորին կոչ ուղղեց, որպէսզի ամէն ինչ իրարու հետ բաժնեն եւ անձնական շահերով չառաջնորդուին։ Միեւնոյն ժամանակ, Վարդանեան դիտել տուաւ, որ կը պահանջեն, որպէսզի միջազգային հանրութիւնը Արցախի համար մարդասիրական օդային միջանցքի հնարաւորութիւն մը ապահովէ։

Երկուշաբթի, Յունուար 9, 2023