ՄԵՂԵԴԻՆԵՐՈՒ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ յատկանշական օր մըն էր։ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ, Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առթիւ տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ մը, որուն նախորդեց սրբանկարներու օծում։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եկեղեցւոյ մկրտարան-մատրան մէջ նախագահեց այս երկու նոր սրբանկարներու օծման՝ իր կողքին ունենալով Տ. Յովակիմ Աբերայ Սերովբեանը, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանը, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը, Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանը, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեանը եւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեանը։ Այս սրբանկարներէն մին նուիրուած է մեր երէց վարպետներէն Էրոլ Սարաֆեանի, իսկ միւսը՝ համակրելի արուեստագիտուհի Գարին Ճինճիօղլուի կողմէ։ Օծման արարողութենէն վերջ Նորին Ամենապատուութիւնը բարձր գնահատեց երկու արուեստագէտները եւ անոնց յանձնեց Պէշիկթաշի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ պատրաստուած յուշանուէրները։

Ապա սկսաւ հոգեւոր համերգը, որու ընթացքին լեփլեցուն էր եկեղեցին։ Հայ Եկեղեցւոյ խորախորհուրդ մեղեդիները իսկապէս ներգործեցին բոլորի ներաշխարհին։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ Թաթիա Մարաշեանի հանդիսավարութեամբ։ Նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեանի կողմէ արտասանուած ողջոյնի խօսքէն վերջ սկսան երաժշտական կատարումները։ Ծրագրի գեղարուեստական ղեկավարն էր Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու։ Յայտագիրը կեանքի կոչեցին՝ Արթիւր Պաղտասարեան, Յովսէփ Գույումճեան, Սէրճան Կազէրօղլու եւ Գրիգոր Թէրզիեան, որոնց իւրաքանչիւրը իր մեկնաբանական կարողութիւններով խոր տպաւորութիւն գործեց ունկնդիրներուն վրայ։ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու երգեհոնով մասնակցեցաւ յայտագրին։ Համերգը այնքան յաջող էր, որ բոլոր ունկնդիրներուն տեսակէտէ կարծես ակնթարթի մը արագութեամբ եզրափակուեցաւ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հուսկ բանքին մէջ անկեղծ ուրախութիւն յայտնեց, որ նման յաջող համերգ մը տեղի ունեցած է այս տարեմուտին։ Ան բարձր գնահատեց այն արուեստագէտները, որոնք կեանքի կոչեցին յայտագիրը։ Նոյն առթիւ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեանն ու նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները, որոնք վճռական ջանքեր կը գործադրեն՝ վառ պահելու համար հայ բնակչութենէ վաղուց դատարկուած Պէշիկթաշի եկեղեցւոյ կանթեղը։ Եզրափակիչ փուլին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արուեստագէտներուն յանձնեց նաեւ թաղային խորհուրդին կողմէ պատրաստուած յուշանուէրները։

Երեկոյթի աւարտին, եկեղեցւոյ յարակից «Պալեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին տարեմուտի առթիւ, նաեւ ջերմօրէն շրջապատեցին արուեստագէտները, որոնց յղեցին իրենց անկեղծ շնորհաւորութիւնները։

 

Երկուշաբթի, Յունուար 9, 2023